Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանի հանդիսապետութեամբ եւ քահանաներու մասնակցութեամբ, Սեպտեմբեր 23ին պատարագ մատուցուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 21րդ տարեդարձին առիթով: Ընթացքին, սրբազան հայրը Հայաստանի Հանրապետութեան մաղթեց բարօրութիւն, անսասանութիւն եւ հզօրութիւն:
Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանին՝ Սուրիոյ դժուարին պայմաններուն մէջ սուրիահայութեան նեցուկ կանգնելուն համար, ինչին նոր վառ ապացոյցն էր «աւելի քան 450 պատանիներու եւ պարմանուհիներու հիւրընկալումը Հայաստանի մէջ»: Արմաշ եպս. Նալպանտեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան, որ «իր դռները բաց կը պահէ՝ սատար կանգնելով սուրիահայութեան»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.