ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հինգշաբթի, 20 Սեպտեմբերին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը Պէյրութի «Ինթըրքոնթինենթըլ Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ կազմակերպեց ընդունելութիւն մը՝ նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 21ամեակին:
Ձեռնարկին սկիզբը հնչեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները, ապա ելոյթով հանդէս եկաւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, որ անդրադարձաւ անկախութեան տարիներուն ընթացքին արձանագրուած ձեռքբերումներուն ու յաջողութիւններուն, ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները եւ առկայ մարտահրաւէրները:
Դեսպան Քոչարեան բարձր գնահատեց հայ-լիբանանեան երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւններուն ներկայ մակարդակը՝ կարեւոր նկատելով հայ համայնքի դերակատարութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու խորացման գործին մէջ: Հայաստանի դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայկական բոլոր կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու ազգանուէր գործունէութեան, աջակցութեան եւ սերտ համագործակցութեան համար, եւ նշեց. «Այսօր դուք սատար կը կանգնիք հայրենիքին ձեր գիտելիքներով եւ կարողութիւններով, գաղափարներով եւ ներդրումներով, ու կը ստանաք Հայաստանի քաղաքացիութիւն, կը շարունակէք նաեւ նպաստել բարեկամ Լիբանանի զարգացումին եւ ի հարկէ՝ հայ-լիբանանեան բարեկամական յարաբերութիւններու խորացման»:
Կօնական ընդունելութեան ներկայ էին նախարարներ, խորհրդարանի անդամներ, Լիբանանի նախագահի եւ վարչապետի խորհրդականներ, արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնը, օտարերկրեայ դեսպաններ, քաղաքական, կուսակցութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ հայկական բոլոր կառոյցներու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր առաջնորդներ եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:
Երեկոյի ընթացքին հնչեցին հայկական երգեր, ցուցադրուեցաւ Հայաստանի մասին ժապաւէն մը, իսկ Հայաստանի եւ Լիբանանի հայ երաժիշտները կատարեցին հայ յօրինողներու ստեղծագործութիւններ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.