
Հարաւային Քնեքթիքեթի պետական համալսարանի նախագահ նշանակուած դոկտոր Մերի Ա. Փափազեանի երդմնակալութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 28ին:
Համալսարանէն ներս ծրագրուած են նոր նախագահին նուիրուած շարք մը ձեռնարկներ, որոնցմէ մէկն է հայ նկարիչ-քանդակագործներու աշխատանքներու ցուցահանդէսը, որուն բացումը պիտի կատարուի Հոկտեմբեր 21ին:
Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին Հայաստան եւ Ամերիկա բնակող 13 հայ նկարիչներու գործերը:
Փափազեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ազգութեամբ հայ առաջին կինն է, որ նշանակուած է ամերիկեան համալսարանի մը նախագահ, իսկ այդ պաշտօնը ստանձնած չորրորդ հայն է ան: Այդ ցուցակը կը ներառէ դոկտոր Կրեկըրի Ադամեանը՝ Ուալթըմի «Պենթլի» քոլեճի նախկին նախագահը, եւ դոկտոր Վարդան Գրեգորեանը՝ Փրովիտընսի «Պրաուն» համալսարանի նախկին նախագահը:
Դոկտոր Մերի Ա. Փափազեան զաւակն է Յակոբ եւ Մերիլին Արշակունիներուն եւ կինը՝ Տենիս Փափազեանի: