
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ ծերակուտական Պարպարա Պաքսըր իր վրդովմունքը յայտնած է Ատրպէյճանի կողմէ մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու, զայն պարգեւատրելու եւ փառաբանելու առնչութեամբ: Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին ուղղուած խիստ քննադատական նամակին մէջ, Պաքսըր ընդգծած է, որ Սաֆարովի ազատ արձակման փաստը՝ «խորապէս մտահոգիչ եւ հրահրիչ գործողութիւն մըն է, որ միայն լարուածութեան բորբոքման կը նպաստէ եւ կը վտանգէ Կովկասի մէջ խաղաղութեան հասնելու ջանքերը»:
Սաֆարովի ներումը որակելով «օրէնքի գերակայութեան բացայայտ անտեսում»՝ ծերակուտականը պահանջած է, որ Ալիեւ «հաւատարիմ մնայ միջազգային իրաւունքի չափանիշերուն եւ Սաֆարովը վերադարձնէ իր տեղը՝ բանտ, իր գործած նողկալի յանցագործութեան համար»:
Այս յայտարարութեամբ, Պաքսըր իր ձայնը միացուցած է նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմին, արտաքին գործոց նախարարութեան, Քոնկրեսի տարբեր ղեկավարներու եւ անդամներու կողմէ՝ Սաֆարովին ներում շնորհելու փաստին դէմ կատարուած դատապարտումներուն եւ քննադատութիւններուն: