ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այս շաբաթավերջին թիւ 405 ազատուղին պիտի փակուի՝ նորոգութիւններու պատճառով: Քալիֆորնիոյ նահանգի միջքաղաքային հաղորդակցութեան կարեւորագոյն ուղիներէն մէկը հանդիսացող 405ի երկօրեայ փակումը խուճապի մատնած է շրջանի համայն բնակչութիւնը. ամէն կողմէ յորդորներ կը հնչեն, որ այդ երկու օրերուն մնանք մեր բնակարաններուն մէջ եւ հրաժարինք մեքենայով ճամբորդելու գաղափարէն:
Ճարպիկ դարձուածքով մը այդ երկօրեայ երթեւեկային մղձաւանջը կը նմանեցուի պիպլիական յայտնութեան՝ բնութագրուելով իբրեւ «քարմակետտըն» («Արմակետտըն», յայտնութիւն): Ձեռնարկի մասին մանրամասնութիւնները տեսնել էջ 19ի վրայ:
Մեր նպատակը, սակայն, տկարութիւն չի ճանչնար: «Ասպարէզ»ի բարեկամները, Թորընսի Հայ կեդրոնին, ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէութեան եւ Համազգայինի «Անի» պարախումբին հետ միասին, ծրագրած են եւ վճռած յաջողութեամբ պսակել միացեալ ձեռնարկ մը՝ շրջանի հայութեան առիթ տալով, որ վայելեն մշակութային պահ մը:
Մենք, Թորընսն ու շրջակայ քաղաքներու հայութիւնը պիտի յաղթահարենք այս խոչընդոտը եւ պիտի վայելենք «Անի»ի աղջիկներուն ու տղաներուն պարերը:
Մեզի հետ պիտի ըլլան նաեւ օտար հիւրեր, որոնցմէ ամէնէն յայտնին՝ քոնկրեսի անդամ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան ազդեցիկ կին քաղաքական դէմքերէն Մաքսին Ուոթըրզը:
Այս ձեռնարկի կազմակերպման առիթով ողջոյնի խօսք կ՛ուղղենք Թորընսի եւ շրջակայ քաղաքներուն մէջ ապրող հայութեան, եւ մեր Շաբաթ օրուան թիւերը վերջերս ծանօթացման կարգով ստացողներուն կոչ կ՛ուղղենք՝ բաժանորդագրուելու օրաթերթին: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք թերթին մնայուն կերպով օժանդակողներ տէր եւ տիկին Մանաս եւ Տանըլի Պուճիկեաններուն, Վարուժան եւ Արմինէ Գունտաքճեաններուն, Հրանդ եւ Մերի Աճէմեաններուն, Աբէլեաններուն, Մկրտիչեաններուն, Հաշօլեաններուն եւ բազում-բազում ուրիշներու:
Հրամմեցէ՛ք դուք ալ: