ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Սպասուած պատիժը միշտ ուշացումով կը հասնի, կը խորհին աստուածավախ մարդիկ: Այսպէս նախատրամադրուած կ՛ըլլան անոնք, մանաւանդ երբ իրաւազրկուած են, կամ անիրաւ կերպով տառապանքի ենթարկուած՝ անաստուած մարդոց ձեռամբ:
Յուսահատութիւնը, առաջի՛ն երեւոյթը, եւ ամէնէն աւելի զօրաւոր ապրումը կը դառնայ նման կացութեանց պարագային, երբ յոյսի ամէնէն ուժեղ աղբիւրը՝ Աստուած եւս լուռ մնալով, փրկութեան ամէն լաստ կը կորսուի անյուսութեան ովկիանոսին մէջ:
Հին ժողովուրդներու պատմութեան մէջ յիշուած են պատժամիջոցներ, որոնցմէ շատեր մինչեւ ժամանակակից քաղաքակրթութիւններ հասած են, իբրեւ մարդը տանջելով դաստիարակելու կերպեր: Այսպէս օրինակ, ծեծը որ մինչեւ սպանութեան աստիճանի կրնար հասնիլ անցեալին, մինչեւ ժամանակակից շրջան մուտք գործած է, եւ այս օրերուն եւս կարելի է հանդիպիլ տակաւին, նոյնիսկ որոշ դպրոցներու մէջ՝ մատղաշ սերունդին վրայ կիրարկուող ծեծի տեսակներու: Մինչդեռ ըստ զարգացող քաղաքակրթութիւններու ուսուցումներուն, նոյնիսկ կենդանիներու վրայ պէտք չէ՛ բանեցուի ատիկա, որովհետեւ ծեծի որեւէ տեսակ, հոմանիշ է բրտութեան:
Պօղոս առաքեալ իր կեանքի քրիստոնէական շրջանի արկածալից դրուագները մտաբերելով, կը պարծենայ իր կրած նեղութիւններով, իբրեւ հաւատաւոր հետեւորդը Քրիստոսի: Այդ նեղութիւններու շարքին կը յիշէ ժողովարաններուն մէջ հինգ անգամ գանակոծուիլը, որ այդ ժամանակաշրջանին 39 հարուածներու ստացումով կ՛ամբողջանար: Դեռ կը յիշէ երեք անգամ մտրակուիլը եւ մէկ անգամ ալ քարկոծման ենթարկուիլը (Հմմտ Բ.Կր 11.24-25):
Գաւազանով մարդը ծեծելու վատ սովորութիւնը մինչեւ այսօր ալ գոյութիւն ունի, կիսաքաղաքակիրթ երկիրներու նոյնիսկ տուներուն մէջ: Այսպէս օրինակ, հօր գթասիրտ կերպարը այդտեղ բռնատէրի զգեստ կը զգենու: Այստեղ հայրը այնքան դաժան կը ներկայանայ, որ կրնայ երեխաներուն սխալիլը չ՛արտօնել, եւ ատոր պատճառով մինչեւ մահ ծեծել զանոնք, եւայլն: Արեւելեան երկիրներու մէջ, երեխաներուն իրենց հօրմէն ունեցած սարսափը բնական ու ընկալեալ երեւոյթ է:
Պատերազմական իրավիճակներու, գերեվարութեանց ու յատկապէս ցեղասպանութիւններու պարագային, երբ զայս գործադրողներ ոչ ոքի հաշիւ տալու պարտաւորութեան դիմաց չեն զգար, այլ ամէն ինչ կը կատարեն՝ կարծելով թէ անապահով պատերազմական դրութեան մէջ պիտի կորսուին իրենց արարքները, առ այդ, գազանական ամէն բռնութիւն ի գործ կը դնեն: Անցնող դարաշրջաններէն սկսեալ մինչեւ ժամանակակից օրեր, մարդը մարդուն համար աւելի քան գազան եղած է, չարչարանքի տարբեր հնարքներ ի գործ դնելով իր նմանը ֆիզիքական տանջանքի ենթարկելու համար: Հնագիտական թանգարաններու ամէնէն տխուր բաժինները, կը ներկայացնեն այն տանջանքի գործիքները, զորս բռնակալներ օգտագործած են իրենց ենթակայ զոհերը չարչարելու համար: Հայոց Ցեղասպանութեան սեւ օրագիրներուն մէջ ալ յիշուած է մեծ թէ փոքր զոհերը «ֆալաքա»ի ենթարկելու բիրտ ու անմարդկային ծեծի կերպը, որ ենթական գետին պառկեցնելով, անոր ոտքերուն տակը գաւազանի ուժեղ հարուածներ տալ կը նշանակէր: Եթէ Պօղոս առաքեալ քառասունի փոխարէն երեսունինը հարուած ստացաւ ըստ ընկալեալ օրինի, ամէն անգամ երբ գանակոծման դատավճիռ ստացաւ, մեր անբախտ նախնիները, գաւազանի թէ սուրի անհաշիւ հարուածներու արժանացան անմեղօրէն:
Ինչքան ալ մտրակներ շաչեն, սուրեր շողան թէ գաւազաններ տփեն, արդարութիւնը չի՛ կորսուիր աշխարհի երեսէն: Որովհետեւ Աստուած գիտէ թէ ե՞րբ, եւ ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէ իրեն ուղղուած աղօթքներուն: Անպայման մեր սպասած պահուն Ան մեր խնդրանքները իբրեւ հրահանգ ստանալով պիտի չկատարէ անշուշտ…: Ամենակալը Ինք գիտէ՛ իր արդարութեան օրը ու ժամը, որովհետեւ օրացոյցի այդ էջը Իր քով կը գտնուի, եւ ո՛չ թէ մեր ծոցատետրին մէջ…:
Ամէն օր կան տարբեր պատճառներով տառապողներ, որոնք յանկարծ անակնկալի կը մատնուին, երբ արդարութեան արեգակի շողերը կը տեսնեն, զնտանէն նոր դուրս եկած բանտարկեալին նման կիսախուփ աչքերով ու թերահաւատ հոգիով նայելով պատահող դէպքերուն: Տարիներով յոխորտացող գազանը յանկարծ կրնայ տապալիլ նշանառու որսորդի գնդակով: Աստուած ալ կը հետապնդէ մեղաւորին, անարդարին ու անիրաւին, մինչեւ որ հասնի պահը հարուածի: Եւ լախտի հարուածը կ՛իջնէ անիրաւի գլխուն, ամբողջութեամբ անոր չ՛ակնկալած մէկ պահուն, երբ նոյնիսկ անիկա նոր ծրագիրներ կը մշակէր իր զոհը նուաստացնելու կամ բոլորովին բնաջնջելու համար: Աստուծոյ անձայն ու անաղմուկ գաւազանն է ասիկա, որ խրատիչ ու դաստիարակիչ է միանգամայն:
Տարիներու ընթացքին աղքատն ու զրկեալը կեղեքած, գործի ասպարէզի ճամբով ուրիշները անիրաւած ու կողոպտած, եւ անիրաւ հարստութեամբ ճոխացած մարդոց վախճանը երջանկութիւն չի՛ կրնար ըլլալ բնաւ: Անպայման Աստուծոյ անձայն գաւազանը կը հասնի, ու ո՛չ թէ միայն քառասուն, այլ՝ քառասուն անգամ քառասուն հարուած կու տայ այդպիսիներուն, որոնց ափերը կոշտուկներով լեցուն են, անմեղներու ոտքերուն տակը այնքան շա՜տ գանակոծած ըլլալուն պատճառով:
Զղջումն ու հեկեկանքը, կ՛ըսուի թէ մեղաւորի մահուան սնարին շուրջ ամէնէն ուրախալի երեւոյթները կը դառնան: Սակայն վա՜յ անոր, որ բնական մահուամբ մեռնելու չ՛արժանանալով, վերջին ապաշխարութեան երանութիւնը չ՛ապրիր: Քրիստոսի կողքին խաչուած աւազակը այդ երանելիներէն մէկն էր, որ հոգեվարք ունեցաւ, եւ գիտակցութիւնը՝ հաշտուելու Աստուծոյ հետ:
Աստուծոյ անձայն գաւազանի հարուածը զգալէ ետք պիտի սթափին ոմանք, թերեւս իրենց կեանքի վերջալոյսին, երբ ընելիք շատ գործ մնացած պիտի չըլլայ իրենց համար: Ուշ թէ կանուխ, սակայն, դաստիարակիչ այդ գաւազանը պիտի հասնի անոնց կռնակին, որպէսզի յիշեն այն ամէնը, ինչ որ կատարեցին ուրիշներուն:
Ողբերգութիւն է անշուշտ այն վատերուն կեանքը, որոնք կը կարծեն թէ բարիք կը գործեն, առանց անդրադառնալու որ իրենց պարզ ներկայութիւնը անգամ շատերու դժբախտութեան պատճառ կը դառնայ: Այս խումբին մէջ կ՛իյնան կեղծ հոգեւորներ, որոնց այնպէս կը թուի, թէ աղօթական կեանքն ու բամբասանքը, օրական ծնրադրութիւններն ու խնդրուած «Տէր ողորմեա՛»ները կարելի է միաժամանակ կատարել…: Մինչդեռ սրտերը քննող Աստուած արդէն իր անձայն գաւազանը բռնած է իր ձեռքին, եւ յարմար պահուան կը սպասէ: Այդ պահը առհասարակ, այդպիսիներուն ամէնէն երջանիկ վայրկեանին կը զուգադիպեցնէ արդար Դատաւորը: Գաւազան՝ որուն միայն ցաւը կը զգայ ենթական, առանց տեսնելու զայն կամ լսելու անոր տփոցը:
Աստուծոյ անձայն ու անաղմուկ գաւազանի հարուածներուն տակ չմնալու համար, պէտք է վերատեսութեան ենթարկել մարդկային բոլոր փոխ-յարաբերութիւնները, ճշդելով շրջապատին հետ մեր ունեցած սահմանները: Ամէն կեղծիք ի վերջոյ կը մերկանայ, եւ Աստուծոյ անձայն գաւազանին հարուածը այդ մերկ մարմնին վրայ աւելի ցաւալից կÿըլլայ: