Հաստատ քայլերով նոր ուսումնական տարեշրջան մը եւս թեւակոխեց «Մերտինեան» վարժարանը, Սեպտեմբեր 4ին։ «Լոյսի օճախ՝ հայրենի տուն»ը կրկին գրկաբաց կ՛ընդունէր իր հին եւ բաւական մեծ թիւով նոր աշակերտներն ու ծնողները։ Զիրար տեսնելու ուրախութիւնը վարակած էր աշակերտներն ու ուսուցիչները։ Առանց բացառութեան, բոլորը կը խօսէին: Վերամուտի առաջին զանգը սթափեցուց բոլորը։
Պաշտօնական յայտագիրը սկսաւ ամերիկեան եւ ազգային ուխտերու կատարումով եւ քայլերգներու ունկնդրութեամբ։ Բացման աղօթքը կատարեց եւ ապա տարուան իր առաջին պատգամը փոխանցեց վեր. Յովսէփ Մաթոսեանը, որուն հաղորդական ոճն ու սրամիտ խօսքերը փայլուն ժպիտներ բերին բոլոր ներկաներու դէմքերուն։
Բարի գալուստի խօսքերով ծնողներն ու աշակերտները ողջունեց վարժարանի հոգաբարձութեան կազմի ատենապետ դոկտ. Վահէ Նալպանտեանը, ապա խօսք առաւ տնօրէնուհի Լինա Արսլանեանը։ Ան, իր կարգին, բարի գալուստ մաղթեց հին ու նոր մերտինեանցիներուն, թուեց վարժարանէն ներս կատարուած փոփոխութիւնները՝ նոր պասքեթպոլի դաշտ, նոր համակարգիչներ եւ անոնց յատուկ սենեակ, եւ վերջապէս՝ ամբողջովին վերանորոգուած հանդիսասրահ՝ բեմով եւ բարձրախօսային կազմածներով։ Ան նաեւ ներկայացուց անձնակազմը ու մասնաւորաբար նոր ուսուցիչները, ապա խօսքը փակեց յաջողութեան մաղթանքներով։ Վեր. Մաթոսեանի օրհնութեան աղօթքէն ետք, աշակերտները իրենց ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ ուղղուեցան իրենց դասարանները։
Նոյն օրը, առաւօտեան ժամը 9:30ին տեղի ունեցաւ նաեւ «Մերտինեան»ի նախամանկապարտէզի վերամուտի հանդիսութիւնը։ Տնօրէնուհի Արսլանեանին եւ նախամանկապարտէզի պատասխանատու Մակի Թօփալեանի բարի գալուստի եւ ծանօթացման խօսքերէն ետք, ներկայ ծնողները այցելեցին իրենց զաւակներու դասարանները։
Նախամանկապարտէզի աշակերտներուն դպրոցական առաջին օրը Սեպտեմբեր 5ն էր։
Բարի ընթացք՝ «Մերտինեան» վարժարանին եւ բոլոր հայկական վարժարաններուն, որոնց նուիրական առաքելութիւնն է հայ փոքրիկն ու պատանին հայ պահել եւ անոնց տալ ուսում, գիտութիւն, բայց մանաւանդ՝ ջամբել հայեցի դաստիրակութիւն, փոխանցել հայ մշակոյթի մեր դարաւոր եւ անգնահատելի ժառանգութիւնը եւ անոնց ներշնչել հայ լեզուի սէրը, որպէսզի անոնք դառնան մեր ազգի ապագայ նուիրեալ առաջնորդները։
Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ վարժարանի առաջին ծնողական ժողովը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան դոկտ. Վահէ Նալպանտեան եւ տնօրէնուհի Լինա Արսլանեան: Ապա տեղի ունեցաւ ծնողաուսուցչական կազմակերպութեան նոր վարչութեան ընտրութիւնը, որմէ ետք ծնողները անցան իրենց զաւակներուն դասարանները։ Ուսուցիչները այցելեցին դասարանները եւ խօսեցան իրենց տարեկան ծրագիրներուն ու ակնկալութիւններուն մասին։ Գնահատելի էր թէ՛ ծնողներու ներկայութիւնը եւ թէ անոնց հետաքրքրութիւնը՝ իրենց զաւակներու ուսումնական ծրագիրներուն հանդէպ։
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)