
ՏԵՆՎԸՐ, Քոլորատօ, «Էյ.Փի.».- Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3ին կայացած Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան գլխաւոր երկու թեկնածուներուն միջեւ պատկերասփռուած առաջին բանավէճին ընթացքին, նախագահ Պարաք Օպամա եւ հանրապետական թեկնածու Միթ Ռամնի ներքին քաղաքականութեան մասին իրենց միջեւ տարբերութիւնները յստակացուցին:
Իւրաքանչիւր թեկնածու փորձեց համոզել, թէ իր առաջադրած ուղին լաւագոյնն է՝ երկիրը դուրս բերելու համար տնտեսական ճգնաժամէն, միաժամանակ քննադատելով հակառակորդին քաղաքականութիւնը:
Մինչ Ռամնի պնդեց, թէ Օպամայի առաջադրած ծրագիրը միջոցներ չունի երկիրը դուրս բերելու ճգնաժամէն, Օպամա յայտարարեց, թէ Ռամնիի առաջարկները պատճառ պիտի դառնան, որ միջին դասակարգը աւելի տուրք վճարէ (միջին հաշուով՝ տարեկան 2000 տոլար), իսկ մեծահարուստները՝ նուազ տուրք:
Նաեւ, մինչ Ռամնի քննադատեց Օպամայի առաջադրած առողջապահութեան մարզը բարելաւելու ծրագիրը, Օպամա «յիշեցուց» Ռամնիին, թէ այդ ծրագիրին շատ նմանող մէկ այլ ծրագիր մը ներկայիս լաւապէս կը գործէ Մեսեչուսեցի մէջ, եւ այդ մէկը որդեգրուած էր այն միջոցին, երբ Ռամնի այդ նահանգի կառավարիչն էր: