ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Պատասխանելով հանրապետական քոնկրեսականի մը նամակին մէջ կատարուած այն պնդումին, թէ Սեպտեմբեր 11, 2012ին, Լիպիոյ Պենկազի քաղաքի ամերիկեան հիւպատոսարանին դէմ կատարուած յարձակումի նախօրեակին, ապահովական միջոցառումները բաւարար չէին՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն խոստացաւ հիւպատոսարանին շուրջ ապահովական պայմաններու մանրամասնութիւնները բացայայտել:
Քալիֆորնիայէն հանրապետական ներկայացուցիչ Տերըլ Այսա իր նամակին մէջ գրած էր. «Դաշնակցային կառավարութեան պաշտօնատարներէն շատեր հաստատեցին, որ Լիպիոյ մէջ ամերիկեան դիւանագիտական առաքելութիւնը, 11 Սեպտեմբերի յարձակումէն առաջ, Պենկազիի մէջ ապահովութիւն ամրապնդել պահանջած է բազմիցս, սակայն Ուաշինկթըն յաւելեալ միջոցներ տրամադրելու այդ պահանջին չընդառաջեց»:
Այսա կոչ ուղղած էր Հոկտեմբեր 10ին Ներկայացուցիչներու տան մէջ այս հարցով հարցապնդման նիստ մը գումարելու:
Քլինթըն Երեքշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ լրագրողներուն ցրուըւած նամակին մէջ կը գրէ. «Երկուքս ալ կ՛ուզենք նոյն արդիւնքը՝ տեղի ունեցածին ամբողջական ու ճշգրիտ պատկերը եւ անոր կրկնութենէն խուսափելու միջոցը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.