
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Հոկտեմբեր 28ին կայանալիք Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, յայտնի վիպագիր Քրիս Պոհճալեան պիտի մեծարուի Հայ Դատի «Արուեստ եւ Գիրեր» մրցանակով:
«Նիւ Եորք Թայմզ»ի ամենաշատ ծախուող գիրքերու ցանկին վրայ հատորներ ունեցած Քրիս Պոհճալեանի նորագոյն եւ 15րդ հատորն է «The Sandcastle Girls»ը, որուն պատմութիւնը տեղի կ՛ունենայ Հայկական Ցեղասպանութեան արհաւիրքի օրերուն:
Քրիս կը յայտնէ, թէ հատորը գրելու նպատակն էր Ցեղասպանութեան իրողութիւնը աւելի մեծ թիւով մարդոց ծանօթացնել, սակայն կ՛աւելցնէ, թէ գիրքին գտած տարածումը իր ակնկալածէն շատ աւելի մեծ էր, որուն համար ալ երախտապարտ է:
Յայտնենք, թէ Հայ Դատի յանձնախումբը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ գիրքի տարածման գործին մէջ:
«Պոհճալեան իր ստեղծագործական ձիրքերը լաւապէս օգտագործած է՝ Հայկական Ցեղասպանութեան պատմութիւնը հասանելի դարձնելու համար ամերիկեան ընթերցասէր հասարակութեան», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համաատենապետ Քրիս Կիւլճեան:
Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Պեվըրլի Հիլզի «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ, Կիրակի, Հոկտեմբեր 28ին: Տեղեր ապահովելու համար, այցելել ancawr.org/banquet կայքէջը կամ դիմել (818) 533-8587 թիւին: