ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Առիթները ոմանք պատահականութեան հետ կը շփոթեն: Առիթները երբեք ալ պատահականութիւն չե՛ն, այլ՝ մեզի համար տնօրինուած պատեհութիւններ: Երբեմն ատոնք մեզի կու գան կեանքէն՝ հաւաքականութեան տնօրինումով, երբեմն անհատներէ, եւ մէկ անգամ ալ՝ Աստուծմէ:
Այո՛ անհեթեթութիւն չէ՛ սա: Աստուած մեր պաշտօնեան չէ՛ որ մեր պահանջած վայրկեանին, ու մեր ուզած ձեւով մեզի ծառայութիւն մատուցէ: Մեր մարդկային բոլոր ակնկալութիւնները համադրելու եւ առաջնահերթութիւնները դասաւորելու դժուարութիւն ունենալով, յաճախ զԱստուած կը գտնենք յանցաւոր, ըսելով թէ՝ առիթ չընծայեր մեզի, հասնելու մեր նպատակին, մեր փափաքներուն ու մեր երազներուն:
Մարդու կեանքին տարբեր հանգրուանները ուսումնասիրելով, յայտնի կը դառնայ, որ բազմաթի՜ւ առիթներու դէմ հանդիման կը գտնուի ան: »Առիթ« երբ կ՛ըսենք, պէտք է զանազանենք զայն »բախտ« կոչուած երեւոյթէն, որ ամբողջութեամբ զուգադիպութիւն կը նկատուի:
Առիթը՝ պայմաններու բերումով, ճիշդ է՝ երբեմն անակնկալ կը տրուի մեզի, սակայն մի՛շտ հիմնաւորուած պատճառներ կամ ենթահող կ՛ունենայ: Իսկ բախտը՝ թռչունին, աննպատակ նետուած քարին զարնուելով վար իյնալու կացութեան կարելի է նմանեցնել, որու աւարտին, ո՛չ մէկ ճիգ թափած մարդը, »քաջ որսորդ«ի տիտղոսին կ՛արժանանայ: Վերջինս ալ չուզեր խօսիլ այդ մասին, վստահ ըլլալով որ իր դատարկութիւնը ի յայտ պիտի գայ ի վերջոյ:
Լսուած խօսք է, թէ Աստուած ամէն մարդու գէթ մէկ անգամ առիթ կու տայ: Այս »առիթ«ը, կեանքի մէջ յաջողելու իմաստով պէտք է հասկնալ: Մնացեալը՝ այսինքն հոգեկան փրկութեան առիթները բազմաթիւ կերպերով ու միջոցներով կը կատարէ Ան, որպէսզի ոչ մէկ մեղաւոր կորսուի, այլ հասնի Իր երկնային թագաւորութեան:
Աստուծոյ պարգեւած վերոյիշեալ միակ առիթը ինչո՞ւ համար կը տրուի մարդուն: Կը տրուի, որպէսզի երբեք չ՛այպայնէ ո՛չ իր Արարիչը, եւ ո՛չ ալ իր նմանը, երբ մանաւանդ տեսնէ վերջինին յաջողակ կեանքը, կամ դիզած հարստութիւնը: Քե՛զ ալ առիթ ընծայած է Աստուած, նախ՝ իմաստութիւն տալով, որպէսզի կեանքդ տնօրինես: Հարստութիւն բառը եւս բազմիմաստ է: Ոմանց համար հարստութիւնը ոսկիներու դէզերով կ՛իմացուի միայն, իսկ ուրիշներու համար՝ ոգեղէն արժէքներով, ինչպէս՝ առողջ ու գիտակից ծնողներ, զաւակներ, հարազատներ՝ շրջապատ, որոնք մինչեւ իսկ դրամագլուխի կարելի է վերածել, դրական իմաստով:
Աշխարհէն ու մարդկութենէն եկող առիթները, յաճախ »փախցուելու« վտանգին ենթակայ են, որոնք ափսոսանքով կը լեցնեն մարդոց սրտերը, այնպէս ինչպէս շատ խճողուած կայարանի մէջ, գնացքը փախցուցած յաճախորդներու դէմքերուն վրայ կարելի է կարդալ նոյն՝ ափսոսանքի »գրականութիւնը«:
Աստուծոյ մարդոց տուած միակ առիթէն տարբեր, կեանքի մէջ մարդիկ բազմաթիւ առիթներ կը ստանան: Սակայն, երբ այդ առիթները դո՛ւն պիտի շնորհես ուրիշին, պէտք չէ՛ երկրորդի սահմանը անցնին: Առաջինը միշտ ուրախալի կÿըլլայ, ու հոգեկան բաւարարութեամբ կը լեցնէ թէ՛ տուողը, եւ թէ ստացողը: Սակայն, երկրորդը երբեմն դժկամակութեամբ տրուող առիթն է, որ առհասարակ կը յաջորդէ սխալ գործողութեան կամ փաստուած յանցանքի:
Մարդկային փոխյարաբերութիւններէն առաջ, պէտք է դիտել մարդկային մարմինի առողջական խնդիրները: Բժիշկներէն առաջ, ծնողներ ու դաստիարակներ կը թելադրեն երիտասարդութեան, չարաչար չգործածել իրենց մարմինը: Հաճոյքէն բացի, աշխատանքը եւս ունի իր սահմանները, եւ պէտք չէ՛ ըլլայ ի հեճուկս մեր ֆիզիքական առողջութեան: Որովհետեւ մարմինը կրնայ ներել իր դէմ եղած չարաշահումը, սակայն վստահ գիտցէք, որ բնաւ չի՛ մոռնար: Պիտի գա՛յ օրը, երբ այդ չարաշահումին համար տուգանք պիտի պահանջէ ձեզմէ:
Իսկ փոխյարաբերական կեանքի մէջ պատկերը տարբեր չէ՛: Առիթ տուողը, նախ ուրախութեամբ ու մեծ յոյսերով կու տայ: Օրինակ ամուսնութեան պարագային, երկկողմանի առիթ կ՛ընծայուի, եւ երկու կողմերն ալ բախտաւոր կը նկատուին: Սակայն երբ այդ սիրոյ միութիւնը դժբախտութեան հանդիպի, միշտ երկրորդ առիթ կը փնտռուի: Բնականաբար, տրուած այդ առիթը երբ գիտակցաբար չ՛օգտագործուիր, ու կը չարաշահուի, երրորդը տալը անիմաստ, ու նոյնիսկ վնասաբեր կ՛ըլլայ:
Նոյնն է պարագան գործի ասպարէզին մէջ: Իրարու հետ աշխատելու համաձայնագիր ստորագրած գործընկերներ, առաջին հերթին իրարու առիթ կ՛ընծայեն գործը ընդարձակելու եւ ուրեմն՝ նիւթապէս աւելի՛ բաւարարուելու: Փաստուած սխալի պարագային, կողմերէն մին, որ միւսէն աւելի արդար հանդիսանայ, ըստ օրինի երկրորդ առիթ եւս կու տայ: Սակայն երբ չարաշահութիւնը շարունակուի, կը նախընտրէ »գէշ« կոչուիլ, քան թէ՝ »էշ« անուանուիլ: Փորձառութիւնը այս ճամբան ցոյց կու տայ մարդուն, որ ամէնէն տրամաբանական ու առողջ մօտեցումն է հարցին:
Շատե՜ր ցարդ »գէշ« կոչուած են, խուսափելով միւս տիտղոսով անպատուուելէ եւ գուցէ մարդիկ չեն ալ իմացած ճշմարտութիւնը ու մեղադրած զիրենք: Այս պարագային խիղճի հանգստութիւնն է էականը, եւ ոչ թէ մարդկային սխալ, երբեմն կամայական ու անարդար դատաստանը: Երեւոյթներէն դատող մարդը, ամէնէն աւելի ողբալի ու անգէտ անձն է, որուն խելքը այդքան »կը կտրէ« միայն, ինչպէս կ՛ըսուի սովորական բարբառով: Ճշմարտութիւնները յայտնաբերել՝ ամէն մարդու գործ չէ՛: Ասիկա պէտք է իբրեւ բացարձակ ճշմարտութիւն ընդունիլ, որովհետեւ ամէն մարդկային հագուստ հագնողը, բանաւոր էակ կարելի չէ՛ համարել: Երբեմն կենդանական տարբեր տեսակներու ալ մարդկային հագուստ կը հագցնեն, փողկապ կը կապեն վիզին, ու երկու ոտքերու վրայ կը քալեցնեն երկար փորձեր կատարելէ ետք: Բանական էակ ըլլալ՝ կը նշանակէ լաւի ու վատի միջեւ զանազանութիւն դնելու կարողութիւն ունենալ, կամ գէթ ատակ ըլլալ նման բաժանում կատարելու:
Ամէնէն աւելի դժբախտ երեւոյթը այն է, որ երկրորդ առիթը փախցնելէ ետք, ոմանք երկարականջ կենդանիին յամառութեամբ կը շարունակեն իրենց նոյն ու միակ ճամբան, սխալի տիղմին մէջ աւելի եւս մխրճուելով: Նման պարագաներու, ազատարար ամէն տեսակի մալուխ, պիտի չկարենայ զիրենք դուրս բերել ճահիճէն, ու անոնք ցեխոտած վիճակով պիտի շարունակեն շրջագայիլ մարդկութեան մէջ, քսուելով հոս ու հոն, եւ կեղտոտելով մարդոց ո՛չ միայն արտաքինը, այլեւ պղտորելով միտքն ու հոգին: Աւելի՛ ողբերգական կը դառնայ նման մարդոց վիճակը, երբ գիտակցութիւնը չեն ունենար թէ իրենց կատարածը սխալ է, ու կը փորձեն հաւաստիացնել շրջապատը, այդ արարքներու ճշմարտացիութեան մասին:
Երկրորդ առիթ անպայման տո՛ւր փափաքողներուն, սակայն ո՛չ երբեք երրորդը, որովհետեւ մարդկութեան դէմ քայլ առած պիտի ըլլաս, օժանդակելով որ քայքայուի մարդկային ընկերութիւնը, եւ զայն պիտի լեցնես իմաստուններուն վրայ խնդացած ըլլալու բաւարարութիւն զգացող տգէտ, խեղճ ու հասարակ մարդոցմով: