
Երկուշաբթի, 24 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:30ին, Աթէնքի Թեխնոփոլիս կեդրոնի ամփիթատրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Սիւզան Խարտալեանի «Տատիկիս Դաջուածքները» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը:
Յունաստանի մէջ առաջին անգամն ըլլալով ցուցադրուեցաւ սոյն ժապաւէնը՝ յունարէն ենթախորագիրով, Յունաստանի ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ «Ազատ Օր»ի վարչութեան համակազմակերպութեամբ:
Սիւզան Խարտալեան ծանօթ անուն մըն է ֆիլմարուեստի աշխարհին մէջ իր իւրայատուկ պրպտումներով եւ պատրաստած քառասունէ աւելի վաւերագրական ժապաւէններով: Յունահայութեան մօտ ասիկա առաջին հրապարակային ցուցադրութիւնն էր, որ տեղի ունեցաւ բեմադրիչի ներկայութեամբ, որ այս առիթով յատկապէս ժամանած էր Աթէնք:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, Յունահայոց թեմի առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեանը, Հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Ռափայէլ քհնյ. Շէֆիքեան, Աթէնքի եւ Ֆիքսի հոգեւոր հայրեր՝ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան եւ Նարեկ քհնյ. Շահինեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ, Հայ Կապոյտ Խաչի, ՀՄԸՄի եւ Համազգայինի Շրջանային եւ տեղական վարչութեանց ներկայացուցիչներ, ուսուցիչներ, Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութեան անդամներ, աշակերտներ, հայ եւ յոյն բարեկամներ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Անոյշ Փիլաֆեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն՝ հակիրճ անդրադառնալով ժապաւէնի բեմադրիչի անձին եւ գործունէութեան, շեշտելով երկար ժամանակ լռութեան մէջ մնացած հարցականներու բացայայտման անհրաժեշտութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարի հանգրուանէն ներս:
Սիւզան Խարտալեպանի ժապաւէնը կը ներկայացնէ հայոց դէմ գործուած Ցեղասպանութեան խորհրդաւոր եւ ցարդ չխօսուած երեսներէն մէկը՝ հայ կանանց դէմ սեռային բռնութիւնները եւ անոնց անդրադարձը այդ արհաւիրքէն վերապրած երիտասարդ կիներու կեանքին վրայ:
Ներկաները դիտելէ ետք մէկ ժամ տեւողութեամբ վաւերագրական ժապաւէնը, առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու բեմադրիչին:
Զրոյցի բաժինը յունարէնի թարգմանեց Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեանը՝ մեծապէս նպաստելով յոյն հանդիսատեսներուն կողմէ նիւթերու ճշգրիտ ընկալման:
Հանդիսատեսներուն մօտ հարցականները բազմապիսի ու բազմաբնոյթ էին. ձեռնարկի աւարտէն ետք շատեր մօտեցան բեմադրիչին եւ անհատական զրոյցներու ընդմէջէն քննարկեցին ծագած հարցերը:
Ժապաւէնի ցուցադրութեան համար յատկապէս հրաւիրուած բեմադրիչ Սիւզան Խարտալեանը խօսեցաւ իր աշխատանքին, պրպտումներուն եւ զգացումներուն մասին: