ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Հայ Քոյրերու վարժարանը Սեպտեմբեր 5ին բացաւ իր դռները, գրկաբաց ընդունելով ոչ միայն իր աշակերտները, այլ նաեւ նորեր, մանաւանդ՝ սուրիահայեր, որոնք ամենայն հարազատութեամբ ընդունուեցան բոլորին կողմէ անխտիր։ Սովորական ժամուն տեղի ունեցաւ առաւօտեան պաշտօնական արարողութիւնը, ապա առաւօտեան աղօթքը, որուն յաջորդեցին դրօշակի արարողութիւնը եւ քայլերգներու պաշտօնական երգեցողութիւնը: Տնօրէնուհի քոյր Լուսիա բարի գալուստի խօսք ուղղեց բոլոր աշակերտներուն, մասնաւորապէս նոր եկող աշակերտներուն եւ զիրենք բեմ հրաւիրելով ներկայացուց ընդհանուրին եւ բարի վերադարձի մաղթանքներով սկսաւ տարեշրջանը։
Ծնողները խանդավառ եւ ուրախ հետեւեցան իրենց զաւակներուն, փորձելով իրենց հոգեհատորներուն իւրաքանչիւր շարժումը արձանագրել եւ պատմութեան վերածել։
Նախքան 2012-2013 տարեմուտի պաշտօնական բացումը եւ դասաւանդութիւններուն սկսիլը, դպրոցէն ներս տեղի ունեցան անհրաժեշտ նախապատրաստական աշխատանքներ, ըլլան անոնք շինարարական աշխատանքներ, կամ աւելի վերջ՝ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան կապակցութեամբ դասընթացքներ եւ դասարանային պատրաստութիւններ, նոր խանդավառութեամբ եւ կատարեալ պատրաստուածութեամբ ընդունելու համար աշակերտները։
Յիշարժան է, որ այս տարի արդէն իսկ մանկապարտէզի երկու եւ նախակրթարանի առաջին դասարանները վերամուտին սարքաւորուած էին ելեքտրոնային գրատախտակներով, որոնց շուտով՝ այս տարեշրջանին, պիտի միանան նորերը։ Վարժարանի տնօրէնութեան եւ խնամակալ մարմնի նպատակակէտն է բոլոր դասարանները սարաքաւորել նման գրատախտակներով, հաւատալով, որ դասաւանդութիւնը աւելի հաճելի, օգտաշատ եւ հետաքրքրական պիտի դառնայ աշակերտներուն համար։ Յիշենք նաեւ, որ ուսուցիչները ամառուան արձակուրդին այս գրատախտակները օգտագործելու ուղղութեամբ ունեցան յատուկ դասընթացքներ։
Խանդավառ էր դպրոցի առաջին օրը, երբ ոչ միայն աշակերտներ կարօտով իրար կ՛ողջունէին, այլ նաեւ ծնողներ, ուսուցիչներ, բարեկամներ: Վերջապէս, երկու ամսուան բացակայութենէ ետք, Հայ քոյրերու վարժարանի ընտանիքը դարձեալ իրար հետ էր, ունենալով մէկ վսեմ նպատակ՝ ջամբել հայ մանուկին եւ պատանիին հայեցի առողջ դաստիարակութիւն, քրիստոնէական խաղաղ եւ համերաշխ մթնոլորտի մէջ։
Առաջին օրէն իսկ վարժարանը իր կանոնաւոր ընթացքին մէջ էր եւ սկսաւ մեղուափեթակը իր լարուած եւ հեւքոտ աշխատանքին, որուն նախորդող օրը ունեցաւ մանկապարտէզի եւ նախամանկապարտէզի ծնողներու հանդիպումը, ուր սպառիչ կերպով բացատրուեցաւ տարեկան ծրագիրը, նպատակը, զանոնք աշակերտներուն հասցնելու եւ մատուցելու միջոցներն ու դրոյթները, եւ համագործակցութեամբ դժուարութիւնները յաղթահարելու բարեմաղթութեամբ հաւաքը վերջ գտաւ եւ ծնողները առանձնացան իրենց զաւակներու դասարանները, աւելի մօտէն ծանօթանալու ուսուցիչներուն եւ իրենց զաւակներու ուսումնառութեան մթնոլորտին եւ միջոցներուն։
Սեպտեմբեր 20ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ նախակրթարանի եւ միջնակարգի ծնողական հանդիպումը, ուր տնօրէնուհի քոյր Լուսիա բարի գալուստի խօսքէն ետք, հանգամանօրէն բացատրեց նոր տարեշարջանի պահանջքներն ու պարտաւորութիւնները, ակնկալութիւնները, վարժարանի ընդհանուր օրէնքները եւ տարեկան ծրագիրները: Ապա ան ծանօթացուց նոր ուսուցչուհիները, զեկուցեց ամրան ընթացքին դպրոցէն ներս տեղի ունեցած նորոգութիւններու եւ ուսուցչական դասընթացքներուն մասին, որոնք բոլորը պիտի նպաստէին աշակերտութեան ապահով եւ հանգստաւէտ միջավայրի մը ստեղծման: Ան յատուկ կերպով շեշտեց «Ուասք»ի յանձնախումբին վարժարանս կատարելիք միօրեայ այցելութիւնը եւ անոր առնչակից անհրաժեշտ նախապատրաստական աշխատանքները, շեշտելով, թէ վարժարանի յաջողութեան գրաւականը՝ համագործակցութեան ոգիով անսակարկ աշխատանքն է։
Ապա խօսք առին քարտուղարութեան, ծնողաօժանդակ մարմինի եւ խնամակալ մարմիններու ներկայացուցիչները եւ ոչ տարրական առարկաներ դասաւանդող ուսուցիչներ, որոնցմէ ետք համակարգիչի ուսուցիչը սրահը տեղադրուած «Սմարթ պորտ»ի վրայ գործնականօրէն ներկայացուց նոր դասաւանդման ձեւերը. ծնողներ պահ մը աշակերտի վերածուած հաճոյքով կատարեցին տրուած հայերէն վարժութիւնները:
Պաշտօնական հաւաքէն ետք, ծնողները բաժնուեցան իրենց զաւակներու դասարանները եւ դաստիարակներու եւ տարրական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներու հետ ունեցան իրենց հանդիպումները. անոնք մինչեւ ուշ ժամեր մնացին վարժարանէն ներս, վերահասու ըլլալով իրենց զաւակներու դասաւանդման դրոյթներուն, գիրքերու բովանդակութեան, գնահատման ձեւերուն:
Ահաւասիկ, Սփիւռքի տարածքին սփռուած հազարաւոր հայկական վարժարաններէն մէկուն վերամուտը, ուր իւրաքանչիւր անհատ, իր լուման կը ձգէ հասնելու համար կատարելագործուած աշխատանքի, հաւատալով, որ իւրաքանչիւր դպրոց այս մեծ աշխարհին մէջ փոքր, անգնահատելի եւ անփոխարինելի դարբնոց մըն է, ուր հայ մարդը, վաղուան պատասխանատուն եւ ազգայինը կը կերտուի որպէս լիիրաւ քաղաքացի եւ լիիրաւ հայ։
Այս է պատճառը որ իւրաքանչիւր սփիւռքահայ կը գուրգուրայ հայկական հաստատութիւններուն եւ ի մասնաւորի հայ դպրոցները կանգուն պահելու եւ յառաջացնելու գործընթացին։
Նոյն նախանձախնդրութեամբ է, որ դպրոցէն ներս կազմակերպուած է հետեւեալ հանգանակային ու մշակութային ձեռնարկները.
– Շաբաթ, Հոկտեմբեր 27ին, Մշակոյթի ամսուան փառատօն, յայտագիրի գործադրութիւն բոլոր աշակերտներու մասնակցութամբ՝ թատրոն, պար, երգ եւ տարազներու ցուցադրութիւն, հայկական ճաշեր, խաղեր եւ մրցանակներ, զանազան անակընկալներ։
– Շաբաթ, Նոյեմբեր 3ին, հանգանակային քայլարշաւը, որուն համար հրաւիրուած է հայ դպրոցի առաքելութեան հաւատացող իւրաքանչիւր հայորդի, որպէսզի իր լուման ձգէ, քաջալերէ եւ զօրակցի այս նուիրական աշխատանքին։
Սիրելի հայորդիներ, եկէ՛ք, տեսէ՛ք, վայելեցէ՛ք հաճելի միջոցառումները, հայկական պարզ եւ հարազատ մթնոլորտի մէջ եւ քաջալերեցէք հայ պատանիները։ Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար կարելի է դիմել asamontrose.com կայքին։