ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Կա՞յ աւելի զօրաւոր զգացում, քան՝ սէրը: Բնա՛ւ կարելի չէ կասկածի տակ առնել սիրոյ հզօրութիւնը, ոյժը, յարատեւութիւնը, եւ ըստ ոմանց կարծիքին՝ մինչեւ իսկ անոր յաւիտենականութիւնը…:
Այս մասին խոստովանութիւնները, յատկապէս սիրային արկածախնդրութեանց մէջ ինկած երիտասարդներու եւ երիտասարդուհիներու, ցարդ բազմաթիւ բանաստեղծութիւններու, վէպերու, սիրերգութիւններու պատճառ դարձած են: Երբեմն ձախող բանաստեղծներ ալ ծնած են նման արկածախնդրութեանց հետեւանքով, որոնց գրականութիւնը նախակրթարանային շարադրական փորձերէն անդին չ՛անցնիր, ո՛չ ալ կը նպաստէ ընթերցողի ինքնազարգացման:
Գրականութեան մէջ բազմահազար էջեր նաեւ լեցուն են սիրոյ մէջ արձանագրուած ձախորդութիւններու մասին վէպերով, որոնք շատ յաճախ ողբերգական վախճաններ ունեցած են: Ուրեմն, անոր կարծուած հզօրութիւնը, չափուած ուժգնութիւնը, խոստացուած յարատեւութիւնը եւ մաղթուած յաւիտենականութիւնը կը չքանան, ստեղծուած պարագաներու բերումով:
Երկրաւոր կամ մարդկային փոխյարաբերական սիրոյ մասին տրուած այս բացատրութիւններէն տարբեր, իմաստասէրներ կ՛ուզեն տեսնել սիրոյ գերմարդկային տեսակը, ու ատոր մասին եւս եզրայանգումներ կը կատարեն: Անանձնական, գերագոյն, աստուածային, աննիւթեղէն եւ այլ յորջորջումներով մեկնաբանուող սէրը, իմաստասէրներ կ՛ուզեն զատորոշել սովորական իմաստով ըմբռնուող սէրէն, որովհետեւ այդ վերջինս շատ աւելի կ՛առնչուի, ըստ իրենց, մարդկային սեռերու ֆիզիքական մագնիսացման: Մինչդեռ աստուածային սէրը անպայմանական սէրն է, յաճախ միակողմանի, ու նոյնիսկ կոյր ըլլալու աստիճան անշահախնդիր սէրը:
Մինչ սէրը կ՛այցելէ մեզ ու կը չքանայ, երբեմն առանց իր այցետոմսն ալ թողնելու, անդին կայ այլ զգացում մարդուն մէջ, որ շատ աւելի խորունկ է ու դաժան, եւ արձանագրուած փորձառութեանց քննութեամբ՝ անջնջելի ըլլալու չափ մնայուն:
Զարմանալին այն է, որ երբեմն սիրոյ զգացումը ի՛նք կը փոխակերպուի այս երկրորդին, որուն զօրութիւնը, խորութիւնը, ուժգնութիւնը եւ տեւականութիւնը շատ աւելի շօշափելի արդիւնքներ կու տայ, քան՝ սէրը ինք: Սիրոյ այլակերպութիւնը կարելի է կոչել այս վիճակը նոյնիսկ, երբ մնայուն կայք հաստատելով մարդու հոգիին մէջ, անիկա շուտով արմատ կը նետէ այնտեղ ու կը ճիւղաւորուի, տխուր ծաղիկներով կը ծաղկի նոյնիսկ ձմրան, ու ապա՝ որեւէ պահու կարելի է վատ բերքահաւաք կատարել, առանց սպասելու ամրան:
_ Ո՛խն է այդ հզօրագոյն զգացումը, որ մարդկային կեանքի մէջ գերազանցած է սիրոյ բիւրեղութիւնը:
Ուղտի ոխակալութեան մասին բարոյալից պատմուածքներ, ու յատկապէս առակներ շատ օրինակներ կը ներկայացնեն, երբ ան երկար տարիներ ետք կը հանդիպի իր տիրոջ, եւ վերյիշելով անոր դաժան վերաբերումը իր նկատմամբ, վրէժ կը լուծէ: Ուղտերը ոխակալ կ՛ըլլան, ըստ առակագիրներու, ու իրենց վրէժը լուծելու յատուկ կերպ կ՛ունենան: Տեսնելով իրենց թշնամին անապատի ովասիսի եզրին բուսած արմաւենիներու շուքին տակ հանգիստի պահուն եւ քնացած վիճակի մէջ, հանդարտ քայլերով կը մօտենան անոր, ու յանկարծ ամբողջ մարմնով վրան կը նստին, անշընչացնելով զայն…:
Մարդկային «ուղտեր» անպակաս են այս կեանքին մէջ, երբ վախնալով իրենց ոսոխը դիմակալելէ, անոր կռնակէն կը դաշունահարեն զայն: Կամ՝ անոր բացակայութեան, ու նոյնիսկ մահէն ետք, բամբասանքի ծրարը բացած անոր հասցէն կը մրոտեն, չեղածը եղածի նման ներկայացնելով, ու կարելի չափով հաւատացնելով միամիտներուն:
Ոխին զօրութեան ու անջնջելիութեան յաւերժական պատմիչը թշնամութիւնն է: Անիկա նոյնիսկ ամէնէն մտերիմ ամուսիններու միջեւ սերմանուելով, կրնայ զանոնք դարձնել աններող ոսոխներ: Այս խաղին մէջ կը բռնուին առհասարակ տգէտ ու կիսով չափ ընտանեկան դաստիարակութիւն ստացած մարդիկ: Եթէ կողմերէն մէկը կամ միւսը անդաստիարակ մանկութեամբ ապրած է, այդ պարագային թշնամանքը մինչեւ աներեւակայելի հակառակութեան կը հասնի, մտային հաւասարակշռութեան խախտում իսկ յառաջացնելով: Նոյնիսկ քաղաքակիրթ երկիրի մէջ ծնած ըլլալը բաւարար չէ՝ անդաստիարակ մնալու հաւանականութիւնը հեռացնելու առումով: Ծնողն է կարեւոր դերակատարը, որ կրնայ լաւագո՛յն երկիրի լաւագո՛յն պայմաններուն մէջ աշխարհ բերել իր զաւակները, սակայն ի՛նք անդաստիարակ մնացած ըլլալուն, նոյն թերի կրթութիւնը նաեւ կը փոխանցէ իրմէ ծնածներուն: Այս պարագային վերջը աւելի տխուր կÿըլլայ քան՝ սկիզբը: Ոխակալը չի՛ խնայեր նոյնիսկ իր զաւակներուն, ու իր ստացած նոյն տգիտութիւնը, իբրեւ տոհմային աւանդ կը փոխանցէ անոնց եւ հազիւ թոթովող մանուկներուն բիւրեղ հոգիներուն մէջ ոխակալութիւն կը սերմանէ:
Ահա թէ ինչքա՛ն զօրաւոր է ոխը, եւ թէ սիրոյ ոյժը ինչքան աւելի տկար ու թոյլ կը մնայ ոխի ոյժին դիմաց: Քրիստոնէութիւնը բերա՛ւ լուծում այս հարցին, որ Աստուածորդիին ներողամտութեամբ եւ խաչին վրայ իսկ գամուելովը բացատրուեցաւ մարդկութեան: Սակայն, այդ լուծումին գործադրութիւնը, մարդոց բարի կամքին թողուց երկնաւոր Վարդապետը, առանց պարտադրելու զանիկա իր հետեւորդներուն: Հաւատքը ու բարոյական օրէնքները բնա՛ւ պարտադրելի չեն մարդոց: Այլապէս, ի ցոյց մարդկանց ծնրադրող ու ձեռքերը տարածած լալագին աղօթասէրներու շարքերէն դուրս չէին գար ամէնէն գազանական ոխակալները:
Ոխին զօրութիւնը կը բազմապատկուի, զոհին տկարութեան ու յուսահատութեան դիմաց: Ոխակալը իր ամէն կարողականութեամբ կը ջանայ յուսահատեցնել իր զոհը, որպէսզի դիւրացնէ ոխի վերջնական կատարումը՝ տապալումը արդարին: Մէկը կրնայ առարկել, ըսելով թէ ինչպէ՞ս կարելի է կողմերէն մէկը որակել արդար, իսկ միւսը անիրաւուած: Պատասխանը շատ պարզ է ու մեկին.
_ Արդարը ոխակալ չի՛ կրնար ըլլալ:
Արդար մարդը առաջին հերթին ինքնավստահութեամբ պաշտպանուած ու զօրացած անձն է, որ օրն ի բուն կը սպասէ ճշմարտութեան բացայայտումին: Իսկ ոխակալը, կարելի ամէն հնարքներ ի գործ կը դնէ՝ ծածկելու ճշմարտութիւնը, եւ օրն ի բուն ոխը արծարծելով իր ներսիդին, կ՛ուզէ ոչնչացնել ամէն նշոյլ, որ կրնայ օրին մէկը լոյսին բերել ճշմարտութիւնը, եւ վերահաստատել արդարութիւնը ու իրաւունքը…: Ուրեմն, ոխակալին առաքելութիւնը՝ ճշմարտութիւնը սպաննելու, թաղելու եւ վերջնականապէս աշխարհէն դուրս բերելուն մէջ կը կայանայ:
Ոխակալը նաեւ անվստահելի մարդն է: Ոխը ինք, անջնջելի ու սէրէն աւելի ուժեղ ըլլալուն, ոխակալի ո՛չ խօսքին եւ ո՛չ ալ խոստումներուն կարելի է վստահիլ, հաստատ գիտնալով, որ անոր խօսքը կեղծիք է, խոստումը՝ խաբեբայութիւն, դրամը անիրաւութիւն, կերակուրը՝ թունալից եւ շունչը՝ պիղծ:
Դժբախտաբար ոխը աւելի՛ զօրաւոր է, քան՝ սէրը, որ միշտ պիտի խոցուի թշնամանքի ու ոխի թունաւոր նետերէն: Ոխակալէն զգուշաւոր հեռաւորութիւն պահելը նման կացութեանց պարագային, ցարդ տրուած խորհուրդներուն լաւագոյնն է: