
ԹԵՀՐԱՆ.- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 12ի երեկոյեան Հ. Ուս. «Չհարմահալ» միութեան «Յ. Թումանեան» սրահին մէջ, միութեան Գրական-գեղարուեստական միաւորի նախաձեռնութեամբ, կայացաւ Հայ մշակոյթի օրուան տօնակատարութիւն: Բացման խօսքէն եւ ֆիլմի ցուցադրութենէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական ծրագիր մը, որուն ընթացքին կատարուեցան երգեր, խմբական ասմունք՝ միութեան Գրական երիտասարդական խումբի եւ պարեր՝ միութեան յարկին տակ գործող «Ակունք» պարախմբի միջոցով: