
ՀԵՄՓՍԹԵՏ, Նիւ Եորք, «Փի.Պի. Էս.».- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16ի երեկոյեան տեղի ունեցած Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեանց գլխաւոր երկու թեկնածուներուն միջեւ երկրորդ բանավէճը առաջինէն աւելի սուր ճակատումներու բեմ հանդիսացաւ:
Մինչ՝ ըստ հարցախոյզներու՝ առաջին բանավէճէն ետք նախագահ Պարաք Օպամայի վարկը նահանջ արձանագրեց՝ ի շահ Միթ Ռամնիի, երկրորդ բանավէճէն ետք նախնական վերլուծումները այն համոզումին հասած են, որ Օպամա պիտի կրնայ վերագտնել առաջին բանավէճի ընթացքին իր ոչ համոզիչ ելոյթով կորսնցուցած ժողովրդականութիւնը:
Նիւ Եորքի «Հոֆսթրա» համալսարանին մէջ, քաղաքացիներէ կազմուած հանդիսատէսներու ներկայացութեամբ կայացած բանավէճին ընթացքին հարցուեցան բանավէճը համակարքողին կողմէ ընտրուած շարք մը հարցումներ, որոնք երկու թեկնածուներուն հակասական դիրքորոշումներուն միջեւ տարբերութիւնները յստակացնել կը փորձէին:
Գլխաւորաբար, քուէարկողներուն ուղղուած Օպամայի պարզ պատգամը այն էր, որ Ռամնիին պէտք չէ առիթ տրուի, որ խաբէ հանրութիւնը, որովհետեւ իսկական Ռամնին մեծահարուստ ներդրող մըն է, որուն գլխաւոր նպատակն է պաշտպանել իրեն նման մեծահարուստներու եւ ոչ թէ միջին դասակարգի շահերը: Իր այս համոզումը արդարացնելու նպատակով, Օպամա ոչ միայն թուաբանականօրէն անկարելի համարեց Ռամնիի առաջադրած տուրքերու ծրագիրը (միաժամանակ յիշեցնելով, որ Ռամնի կը մերժէ անոր մանրամասնութիւնները բացայայտել), այլ նաեւ քննադատեց այն իրողութիւնը, որ Ռամնի արդար կը նկատէ, որ 50,000 տոլարի տարեկան եկամուտ ունեցող մը եւ Ռամնիի նման միլիոնատէր մը նոյն համեմատութեամբ տուրք վճարեն:
Չինաստանի մէջ Ռամնիի կատարած ներդրումներուն հարցով, երբ Ռամնի հարց տուաւ, թէ Օպաման քննա՞ծ է ինքն իր ներդրումներու թղթածրարը (անուղղակիօրէն ըսել ուզելով, որ նախագահը եւս հաւանաբար ներդրումներ կատարած է Չինաստանի մէջ)՝ Օպամա պատասխանեց. «Վերջերս չեմ զննած, սակայն վստահաբար իմս՝ քու թղթածրարիդ չափ մեծ չէ»:
Նաեւ, Օպամա խստօրէն քննադատեց Ռամնիի այն պնդումը, թէ Օպամայի վարչակարգը քաղաքական նպատակներով շահագործած է Պենկազիի ամերիկեան հիւպատոսարանին վրայ յարձակումը: Ան նաեւ «սղագրութիւնը կարդա՛» ըսաւ Ռամնիին, երբ վերջինս կը պնդէր, թէ Օպամա այդ յարձակումը «ահաբեկչութիւն» չէր կոչած: Սակայն, բանավէճը համադրողը սրբագրեց Ռամնիի պնդումը՝ ըսելով, թէ Օպամա «ահաբեկչութի՛ւն» բառը գործածած էր՝ արժանանալով ներկաներուն ծափահարութեան:
Իր կարգին, Ռամնի շեշտը դրաւ Օպամայի կողմէ տրուած շարք մը խոստումներուն վրայ, որոնք, ըստ իրեն, անտեսուած են: Ան պնդեց, թէ երկիրը աւելի վատ վիճակի մէջ է ներկայիս, քան էր չորս տարի առաջ, երբ Օպամա ստանձնեց նախագահութիւնը:
Բախտի բերումով, վերջին խօսքը արտասանելու առիթին տիրացած Օպաման յիշեցուց հանրութեան, թէ Ռամնի պետական օժանդակութիւն ստացող քաղաքացիներուն 47 առ հարիւրը անպատասխանատու քաղաքացիներ նկատած է:
Միւս կողմէ՝ Չորեքշաբթի օր տնտեսական տուեալ մը եւս եկաւ հաստատելեու Օպամայի այն պնդումը, թէ տնտեսութիւնը աստիճանաբար կը վերականգնի: Արդարեւ, առեւտուրի նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին բնակարաններու կառուցման համեմատութիւնը 15 տոկոսի աճ մը արձանագրած է՝ Օգսոտոս ամսուան հետ բաղդատած, ինչ որ մեծագոյն ոստումն է Յուլիս 2008էն ի վեր: