ՊՈԼԻՍ.- Շաբաթ, 13 Հոկտեմբերի երեկոյեան Ինգա եւ Անոյշ Արշակեան Մասլաքի «ԹԻՄ Շով» հանդիսասրահին մէջ ելոյթ ունեցան ի նպաստ Ս. Փրկիչ Ազգ. հիւանդանոցի երդիքին տակ գործող «ԶԻՊԷՉ» թերաճ մանուկներու կեդրոնին:
Ներկայ էին պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան եւ կրօնական դասու անդամներ, Ս. Փրկիչ Ազգ. հիւանդանոցի ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ հոգաբարձութեան անդամներ, «ԶԻՊԷՉ»ի ատենապետ Տիգրան Տիւլկէրեան, հաստատութիւններու վարիչներ եւ համայնքի զանազան խաւերէն անհամար ժողովուրդ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ «ԶԻՊԷՉ» կեդրոնի ներքին կեանքը ցոլացնող տեսաերիզներու ցուցադրութեամբ: Այնուհետեւ հանդէս եկաւ «ԶԻՊԷՉ»ի ղեկավարներէն Հերման Օզինեան՝ «ԶԻՊԷՉ»ի բնակիչ փոքրիկի մը ձեռքէն բռնած: Հերման Օզինեան հայերէնով եւ թրքերէնով կարդաց ուղերձ մը՝ շեշտելով այն դերը, զոր կը կատարէ այս հաստատութիւնը հոգածութեան եւ զարգացման կարօտ մեր թերաճ երիտասարդներուն համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն անձերուն, որոնք նիւթական եւ բարոյական գետնի վրայ իրենց հոգածութիւնը չեն զլանար այս հաստատութեան:
«Սրտագրաւ նախադասութիւններ արտասանեց նաեւ «ԶԻՊԷՉ»ի բնակիչ փոքրիկը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բարերարներուն: Յետոյ հաճոյքի աննկարագրելի փոթորիկ մը ստեղծուեցաւ սրահէն ներս: «Հանդէս եկան դէմքի եւ մարմինի չքնաղ գեղեցկութեամբ Ինգա եւ Անոյշ քոյրերը՝ հայկական սքանչելի տարազներու մէջ, ոգեւորիչ նուագի շռայլանքին տակ», կը նկարագրէ «Մարմարա» օրաթերթը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.