ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ի՞նչ կ՛ընէ, կամ կրնայ ընել խոզը: Ահաւասիկ սովորական հարցումը, որ կեղտոտ այս կենդանին տեսնելէ վերջ, մարդ բնականօրէն կը հարցնէ: Այստեղ «գործ» բառը ճիշդ է որ «աշխատութիւն» կը նշանակէ, սակայն ո՛չ թէ ապրուստի իմաստով, այլ «արարք»ի, «շարժում»ի:
Ըստ երեւոյթին հանդարտ եւ ճարակելով զբաղած թուացող այս չորքոտանին, ամէն անակնկալ մատուցելու հաւանականութիւն կը ցուցաբերէ: Այս առումով, ամէն ենթադրութիւն կարելի է ընել իր կատարելիք գործերուն մասին, սակայն անոնցմէ ո՛չ մէկը կրնայ դրական ըլլալ, որովհետեւ խոզին բնութիւնը ծնունդով իրեն տրուած է, ու ծինային յաջորդականութեամբ ալ սերունդէ սերունդ փոխանցուած իր տեսակներուն:
Յատկապէս վարազին՝ վայրի խոզին նկատմամբ զգուշաւորութիւն կը ցուցաբերեն նոյնիսկ վարպետ որսորդներ: Հանդարտ երեւոյթով եւ գլուխը գետին կախած տեսքով այս կենդանին, յանկարծակի յարձակումի կրնայ ենթարկել իրեն մօտեցողը, առանց խնայելու վերջինիս տարիքին՝ մանուկ, երիտասարդ թէ տարեց մարդ ըլլալուն: Նկատելի է, որ նոյնիսկ փոքր խոզեր կրնան նոյնքան նախայարձակ ըլլալ, ինչքան իրենցմէ տարիքով աւելի մեծերը, որոնք հուժկու մարմինով իսկ սարսափ կ՛ազդեն, հեռուէն զիրենք դիտողներուն: Ուստի, սարալանջին թէ դաշտի մէջ արածող խոզերու երամակին մօտեցողը, պէտք է միշտ նախապատրաստուած ըլլայ, որովհետեւ չի՛ կրնար կռահել թէ այդտեղ արածողներէն ո՞ր մէկը՝ մե՞ծը, թէ՞ փոքրը պիտի ըլլայ զինք պատառելու համար յառաջ եկողը:
Ինքնապաշտպանութենէ բացի, անիմաստ կերպով ու անտեղի յարձակումը խոզին կողմէ, աւելի անբան կը դարձնէ զինք, միւս անասուններու շարքին: Մինչ միւսները, յաճախ մինչեւ վերջին պահը կը համբերեն, ու երբ տեսնեն թէ վտանգ չկայ իրենց սպառնացող, գլուխնին այլ ուղղութեամբ դարձնելով կը հեռանան: Բայց խոզը այդպիսին չէ՛: Անիկա անակնկալի բերելու վարպետութիւնը ունի, որ զինք իւրայատուկ կը դարձնէ կենդանական աշխարհին մէջ:
Յիսուսին ծանօթ էր խոզին յարձակողապաշտ բնութիւնը: Այլ շրջագծէ ներս տուած իր մէկ բացատրութեան մէջ, ուր կը խօսի արժէքի եւ արժէքը չիմացողի մասին, Յիսուս կը պատուիրէ մարդոց ըսելով. «ձեր մարգարիտները խոզերուն առջեւ մի՛ նետէք, որպէսզի չըլլայ թէ զանոնք կոխկռտեն եւ դառնան ձեր վրայ յարձակին» (Մտ 7.6):
Մասնաւորապէս կորեկի ճզմուած աւելցուքը կամ անտառային ծառերու չորցած, երբեմն ճահիճներու շուրջ մգլոտած տերեւները սիրող այս կենդանին, կնճիթաձեւ քիթը անոնց մէջ մխրճած, խռնչալով կը լափէ զանոնք, անշարժ կեցած իր տեղը: Այդ իսկ պատճառաւ անիկա հազիւ կը նշմարուի զինք փնտռող որսորդներէն: Նախայարձակ ըլլալու, եւ անակնկալի բերելու իր վարուելակերպէն բացի, խոզը նաեւ այլ «գործ» ունի: Անոր երկրորդ գործը, իր բնութիւնը վերանորոգելու արարքն է: Խոզին մորթը կեղտոտութեամբ «կը պահպանուի»:
Ներկայ ժամանակներուն, յատկապէս իգական սեռի պատկանողներու մորթի մաքրութեան, փափկութեան եւ հաւանական փշտիկներէ ձերբազատումին համար, մորթաբաններու հետ գործակցաբար, գեղագիտական հիմնարկներ տեսակաւոր քսուքներ կը պատրաստեն, ու մեծ թիւով յաճախորդներ կը հրապուրեն նոյն սեռէն: Հեռատեսիլի կայաններէ սփռուող ծանուցումներու կարեւոր մէկ մասը, լուսադէմ ու գեղանի բնորդուհիներու առինքնող կերպարներով, մորթային պաշտպանութեան եւ զայն կանխահաս ծերացումէ կամ թառամումէ փրկելու բազմատեսակ քսուքներու մասին է: Աւելին, դէմքի մարձումներու եւ երկար ժամեր դիմակներով զայն ծածկելու նորօրեայ «արուեստ»ը, արդէն շահու մեծ աղբիւր դարձած է տարբեր տարիքի մարդոց համար: Երբեմն շատ երիտասարդ տարիքի մէջ, ոմանք յաջողած են համոզել իրենց կրկին տարիքը ունեցող կիներ, որոնց դէմքի կնճիռները հետզհետէ ջնջելու խոստումով, մեծ գումարներ կ՛ապահովեն անոնք:
Խոզի պարագային ճիշդ հակառակ ընթացքը պէտք է նկատի ունենալ: Խոզն ալ իր մորթին մաքրութեան կը հոգայ: Սակայն, անոր քսուքները սպիտակ կամ կաթնագոյն, վարդագոյն կամ բաց կանաչորակ չե՛ն, այլ՝ մութ ու սեւ գոյնի, որովհետեւ ցեխով, կեղտով, բորբոսած բոյսերով «պատրաստուած» խառնուրդ են: Անիկա բնաւ յատուկ փայտիկներ կամ բամպակապատ ձողիկներ չ՛օգտագործեր, դէմքի կամ մարմինի քսուքները ծեփելու համար: Խոզը իր ամբողջ մարմինի հսկայ զանգուածը կը պառկեցնէ ցեխին ու կեղտին մէջ, ու ինք կը սկսի տապլտկիլ մինչեւ որ մարմինին ամէն կողմը ներկուի այդ գորշ գոյնով: Սա կը կատարէ ո՛չ թէ փճացնելու իր մորթը, այլ՝ ընդհակառակը, զայն պաշտպանելու համար:
Խոզի այս արարքին եւ մորթային «ինքնապաշտպանութեան» գործին պէտք չէ՛ միջամուխ ըլլան ուրիշներ: Անիկա ո՛չ օգնականի պէտք ունի, ո՛չ ալ մօտէն զինք դիտողի: Առաջին պարագային, արդէն իր բնութիւնը կրնայ իրագործել եւ նախայարձակ ըլլալ իրեն օգնելու պատրաստուողին: Իսկ երկրորդի պարագային, նոյնիսկ պէտք չէ՛ զինք մօտէն դիտել, որովհետեւ թափով ցեխին մէջ աջ ու ձախ դարձող խոզը կրնայ այդ կեղտոտութիւնը ցրուել եւ մօտէն դիտողներուն վրայ նաեւ տարտղնել:
Հիները կը խօսէին «ցեխին քար չնետել»ու մասին: Որովհետեւ այդ քարը անպայման պիտի տարտղնէ ցեխը, եւ նետողն ալ պիտի կեղտոտուի, ցեխին շուրջ գտնուողներուն հետ միասին: Միւս կողմէ, ցեխին շուրջ առհասարակ խոզեր կը հաւաքուին, իսկ ցեխին քար նետողը վստահաբար մարդ պիտի ըլլայ եւ ո՛չ թէ խոզ: Ուրեմն, հիներուն խրատը մարդո՛ւն ուղղուած է, հեռու կենալու ո՛չ միայն ցեխէն, այլեւ՝ խոզերէն, ու մանաւանդ՝ ցեխին քար նետելու փորձութենէն:
Բարեբախտաբար մարդիկ միշտ ալ գիտակից են, ու գիտեն զանազանել մարդկային ու կենդանական արարքները: Ուրիշ խօսքով, խոզին գործը ամէնուն ծանօթ գործ է, եւ ո՛չ թէ միայն որսորդներուն: Վերջիններս միայն մասնագիտութիւնը կամ փորձառութիւնը ունին խոզ որսալու, մինչ մարդիկ ընդհանրապէս արդէն ծանօթ են անոր գործերուն: Առանց անտառ երթալու եւ առանց խոզարածներու հետ հարցազրոյց կատարելու, անոնք կրնան կռահել վայրի կենդանիին կատարելիք գործը: Կենդանաբանական պարտէզներուն մէջ, քանաքեռի ճաղերուն ետին բանտարկուած խոզերուն իսկ զգուշաւորութեամբ կը մօտենան այցելուներ, վախնալով անոնց կատաղի բնութենէն: Բազմաթիւ դէպքեր արձանագրուած են, երբ մանաւանդ մանուկներ առանց զգուշանալու, փորձած են կերակրել կենդանաբանական պարտէզներու մէջ բանտարկուած վայրի գազանները, եւ զոհ դարձած անոնց անկանխատեսելի յարձակումներուն, նոյնիսկ երկաթեայ վանդակորմներու նեղ անցքերէն:
Վայրի կենդանիներու շարքին, խոզին գործը շատ յստակ է, ուրեմն, եւ կարիք չկայ յաւելեալ մանրամասնութիւններով լուսաբանութիւններ տալու այդ մասին: Միակ կարեւոր խրատը զոր պէտք է տալ անոր դիմաց պատահաբար ելլող մարդուն՝ զգուշաւոր ըլլալու խրատն է: Անբան անասունէն չվնասուելու առաջին ու միակ միջոցը, զէնք կրելէ աւելի, անկէ հեռու մնալն է: