
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ.- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով, Սեպտեմբեր 18ին ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Սան Անտրէս համալսարանի Միջազգային յարաբերութեանց դասախօս Խաչիկ Տէր Ղուկասեան արժանացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան «Մխիթար Գօշ» շքանշանին: Շքանշանը յանձնուած է Անկախութեան 21ամեակի ծիրէն ներս եւ Հայաստան-Սփիւռք փոխ-յարաբերութիւններու հզօրացման ու հայկական ինքնութեան ամրապնդման ի նպաստ իր բացայայտ աշխատանքին առիթով:
Առաջին անգամն ըլլալով է որ այս կարեւոր մեծարանքը կը յատկացուի Հարաւային Ամերիկայի ղեկավարի մը: Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի կողքին նոյնպէս շքանշան ստացաւ Ցեղասպանութեանց հռչակաւոր մասնագէտ, Գերմանիա բնակող թրքահայ Միհրան Տապպաղ: