
«Փանորամա» կը հաղորդէ, թէ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31ին, Պերլինի մէջ հազարաւոր ցուցարարներ բողոքի ցոյց մը կատարած են Գերմանիա այցելող Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ:
Ցուցարարները Էրտողանը մեղադրած են Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը «սպաննելու», խօսքի ազատութիւնը ու քաղաքացիներու տարրական այլ իրաւունքները ոտնակոխելու յանցանքով: Անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ Էրտողանը «ֆաշիստ» որակած են:
Գերմանական լրատուամիջոցներու համաձայն՝ ցոյցին մասնակցած է աւելի քան 3 հազար հոգի, իսկ ոստիկանութեան համաձայն՝ 2500 հոգի, ներառեալ հայեր, ալաուիներ, ասորիներ, քիւրտեր եւ եզիտիներ: