Ինչպէս նախապէս տեղեկացուցած էինք, Ուրբաթ, 12 Հոկտեմբերին 93 տարեկանին վախճանեցաւ՝ յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Թորգոմ արք. Մանուկեան:
Վախճանեալ պատրիարքին յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 22 Հոկտեմբերին հայածէս Ս. Պատարագի ընթացքին:
Ներկայ էին եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, հայ եւ օտար եկեղեցիներէն ներկայացուցիչներ աշխարհի զանազան կողմերէն՝ Ամերիկաներէն, Գանատայէն, Եւրոպայէն, Միջին Արեւելքէն եւայլն…
Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կը ներկայացնէր Նաւասարդ արք. Կճոյեան, որ կարդաց վեհափառին ուղերձը. իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին ներկայացուցիչը՝ Վարուժան եպ. Հերկելեան կարդաց Արամ Ա. վեհափառին ուղերձը:
Յուղարկաւորութեան ներկայ էր նաեւ Արամ եպս. Աթէշեան՝ Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդը, Արէն Շիրվանեան սրբազան, որ այժմ տեղապահն է Երուսաղէմի պատրիարքական աթոռին: Այնտեղ էր Երուսաղէմի եւ Յորդանանի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Յովսէփ Ծ. վրդ. Քելեկեան
Այս առթիւ, ըստ հայկական ծիսական աւանդութեան՝ տեղի ունեցաւ վախճանեալ պատրիարքի ճակատին եւ աջ բթամատին օծումը, որմէ ետք ալ մեծ թիւով հաւատացեալներ հետեւեցան յուղարկաւորութեան մինչեւ գերեզմանատուն, ուր ողբացեալ պատրիարքին մարմինը հողին յանձնուեցաւ:
Այս առթիւ տեղի ունեցաւ հոգեճաշ մը, որուն ընթացքին խօսք առաւ պատրիարքին եղբայրը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մօտ մնացին պատրիարքին իր հիւանդութեան ընթացքին, յատկապէս ֆրանսիսքան հայրերուն, որոնց մօտ (հիւանդանոցին մէջ) խնամուեցաւ ան, իր կարգին ֆրանսիսքան հայրերու մեծաւորը, արտայայտելէ ետք իր եղբայրական զգացումները ողբացեալին հանդէպ, վեր առաւ անոր արժանիքները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.