ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիոյ մէջ ընդյատակեայ ահաբեկչական «Էրկենեքոն» կազմակերպութեան հարցով հերթական 253րդ դատական նիստին ընթացքին, իր ինքնութիւնը գաղտնի պահող վկայ մը պնդած է, թէ 2005ին, Թուրքիոյ զինուած ուժերու զօրավար Մուզաֆեր Թեքին, որ ներկայիս բանտարկուած է «Էրկենեքոն»ի հարցով, Թաներ Պուպերի առաջարկած է սպաննել Հրանդ Տինքը:
Թրքական «Աթար» թերթին համաձայն՝ վկան պնդած է, որ Թեքին 2005ին բանտէն նոր դուրս եկած Պուպերին խոստացած է Տինքի սպանութենէն ետք անոր վճարել իր փափաքած գումարը, սակայն Պուպեր մերժած է առաջարկը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.