ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Ուրբաթ, Նոյեմբեր 2ին հաղորդեց, թէ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին տնտեսութիւնը 171,000 նոր աշխատատեղի գոյացուցած է, սակայն նկատի ունենալով, որ աւելի մեծ թիւով քաղաքացիներ սկսած են աշխատանք փնտռելու՝ անգործութեան համեմատութիւնը 7.9 տոկոսի բարձրացած է, Սեպտեմբերին արձանագրուած 7.8 տոկոսին փոխարէն:
Նախարարութիւնը միաժամանակ հաղորդեց, թէ Սեպտեմբերին 148,000 նոր աշխատատեղի գոյացած է, նախապէս հաղորդուած 114,000ին փոխարէն:
Տնտեսագէտներու համաձայն՝ այս տուեալները կրնան նպաստաւոր ըլլալ նախագահ Պարաք Օպամայի վերընտրութեան պայքարին:
Նախագահը, որ «Սենտի» փոթորիկին պատճառով իր ընտրական քարոզարշաւը դադրեցուցած էր, Հինգշաբթի օր վերսկսաւ մասնակցելու ընտրական հաւաքներու:
Ան Չորեքշաբթի օր այցելեց փոթորիկէն լուրջ վնասներ կրած Նիւ Ճըրզիի տարբեր շրջաններ: Նահանգի հանրապետական նահանգապետը՝ Քրիս Քրիսթի, որ Օպամայի մրցակից Միթ Ռամնիի կ՛աջակցի, դրուատեց նախագահին եւ կառավարութեան նախապատրաստական ու փրկարար աշխատանքները:
Մինչ այդ, «Կալըփ» հիմնարկին կատարած մէկ հարցախոյզին համաձայն՝ ամերիկացիներուն մեծամասնութիւնը վստահ է, որ Պարաք Օպամա Նոյեմբեր 6ի նախագահական ընտրութեանց յաղթանակ արձանագրելու աւելի մեծ հաւանականութիւն ունի:
Հարցախոյզի մասնակիցներուն 54 առ հարիւրին կարծիքով՝ Օպամա պիտի վերընտրուի. միայն 34 առ հարիւրը վստահ է, որ Ռամնի պիտի յաղթէ, մինչ 11 առ հարիւրը տակաւին չէ կողմնորոշուած:
Միւս կողմէ՝ վերջին 9 օրուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու տարածքին «Սի.Էն.Էն.»ի կատարած հարցախոյզը ցոյց կու տայ, թէ Ռամնիի զօրակցողներուն համեմատութիւնը 48 առ հարիւր է, իսկ Օպամայինը՝ 47 առ հարիւր:
Նաեւ, ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի եւ «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանի միացեալ հարցախոյզի արդիւնքներուն՝ Օպամա, 10 քուէարկողներէ 8ին կարծիքով, փոթորիկին ստեղծած արտակարգ կացութեան հետ «գերազանց» կամ «լաւ» կերպով վարուած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.