
ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք ընդունած է Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի առեւտուրի պալատներու ղեկավարները եւ խստօրէն քննադատած Ֆրանսան՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները փճացնելուն համար:
Չիչեք յայտարարած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ «սեւ կատու անցած է», որուն պատճառը Հայկական Ցեղասպանութեան հարցն է: «Ինչո՞ւ սեւ կատու անցաւ, յարաբերութիւնները փճացան՝ անհամ ու թթու դառնալով: Ինչո՞ւ նման բան ընելու անհրաժեշտութիւնը զգացիք. մեզմէ ի՞նչ վնաս տեսած էիք», հարց տուած է ան:
Անդրադառնալով Ցեղասպանութեան մասին Ֆրանսայի մէջ որդեգրուած ու ապա հակասահմանադրական նկատուած օրէնքին, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի դասագիրքերուն մէջ Ցեղասպանութեան ուսուցումը ներառելու հարցին՝ Չիչեք յայտարարած է, որ ատիկա թուրքերուն եւ հայերուն միջեւ պատմական հարց մըն է, եւ Ֆրանսա պէտք չէ ատոր հետ կապ ունենայ. «Ատիկա մեր եւ ձեր միջեւ եղած հարց չէ, հայերու եւ թուրքերու միջեւ հարց է՝ պատմական հարց: Մենք պատրաստ ենք մեր պատմութեան հետ դէմ յանդիման գալու: Կան առարկայական պատմաբաններ, գիտնականներ, թող ձեր պատմաբաններն ալ ուսումնասիրեն խնդիրը: Ատոր իբրեւ արդիւնք ի՛նչ ալ որոշուի՝ մենք պատրաստ ենք ընդունելու», ըսաւ ան՝ պնդելով, որ Ֆրանսայի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը կ՛ոտնահարէ մարդկային իրաւունքները: