ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Շուրջ երկու տարիէ ի վեր աշխարհասփիւռ հայութիւնը կը հետեւի Սուրիոյ մէջ ընթացող քաղաքացիական դաժան պատերազմին՝ մեծ անձկութեամբ եւ մտահոգութեամբ՝ մեր հայրենակիցներու անվտանգութեան եւ գոյատեւման համար:
Ցաւօք, քանի մը տասնեակ անմեղ հայեր սպաննուած կամ վիրաւորուած են հրազէնային կրակոցներէն եւ ռմբակոծութիւններէն, իսկ շատեր ալ առեւանգուած են: Հայկական տուներ, եկեղեցիներ ու դպրոցներ կողոպտուած, վնասուած կամ հրկիզուած են: Հազարաւոր ընտանիքներ իրենց կեանքը փրկելու համար խուճապահար փախուստ տուած եւ ապաստանած են Հայաստան կամ դրացի այլ երկիրներ:
Երբ վերջին ամիսներուն իրավիճակը ահազանգային տարողութիւններու հասաւ, Հայաստանի կառավարութիւնն ու Սփիւռքի համայնքները վերջապէս սկսան ծրագիրներ մշակելու սուրիահայերուն օգնելու համար:
Հակառակ անոր, որ այս նախաձեռնութիւնները բարի կամքի դրսեւորում են, սակայն անոնք անբաւարար էին եւ՝ շատ ուշացած: Մինչեւ օրս համակարգուած եւ համապարփակ ծրագիր չէ մշակուած այս ահռելի մարդկային ճգնաժամը յաղթահարելու համար: Ստորեւ կը ներկայացուին երեք հիմնական աշխատանքներ, որոնք համայն հայութեան անմիջական ուշադրութեան եւ աջակցութեան կարիքը ունին.
1) Դրամահաւաք. միլիոնաւոր տոլար հարկաւոր է Սուրիոյ մէջ գտնուող հայերու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Լիբանանի, Յորդանանի եւ այլուր ապաստանած սուրիահայերու հրատապ կարիքները հոգալու համար: Այդ նիւթական միջոցները կրնան ձեռք բերուիլ օտար եւ հայկական աղբիւրներէ:
Օտար աղբիւրները կը ներառեն՝ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը (USAID), ՄԱԿի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը (UNHCR), միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւնները եւ այլ կառավարական գործակալութիւններ:
Հայկական աղբիւրները կը ներառեն՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հայկական մեծ կազմակերպութիւնները եւ ձեռնարկութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ անհատ բարերարները: Միջոցներ կարելի է ձեռք բերել նաեւ լայն հասարակութենէն՝ յատուկ ձեռնարկներու, զանգուածային փոստային առաքումներու, ինչպէս նաեւ հեռուստամարաթոններու միջոցով:
Շատ ցաւալի է, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամն ու անոր շրջանային մարմինները ճիշդ չգնահատեցին սուրիահայերու ծայրայեղ տագնապալից իրավիճակը, որ իր արտայայտութիւնը գտաւ «գոհաբանութեան» հեռուստամարաթոնի այս տարուան հասոյթին ընդամէնը 10 տոկոսը անոնց յատկացնելու աններելի որոշման մէջ: Հայ հասարակութեան շրջանակին մէջ ան խիստ վրդովում յառաջացուց «Հայաստան» հիմնադրամին հանդէպ: Դեռ ուշ չէ այդ որոշումը վերանայելու եւ հեռուստամարաթոնին ամբողջ՝ 100 տոկոս հասոյթը յատկացնելու սուրիահայերուն՝ երկրէն ներս թէ դուրս գտնուողներուն:
Հեռուստամարաթոնի նուիրատուները պէտք է յատուկ կերպով պահանջեն, որ իրենց նուիրատուութիւններու 100 տոկոսը նպատակաուղղուին սուրիահայերու օգնութեան: Այլապէս անոնք կրնան նուիրատուութիւններ ընել Սուրիահայութեան օգնութեան ֆոնտի համահայկական յանձնախումբին, որ վերջին շաբաթներու ընթացքին հիմնադրուած է շարք մը երկիրներու մէջ: Ֆոնտը իր հաւաքած նուիրատւութիւններուն 100 տոկոսը պիտի ուղարկէ Սուրիոյ մէջ գործող համահայկական մարմնին:
Վերջին օրերուն շատ սրտաճմլիկ հեռաձայններ ստացած եմ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներէն, որոնք յուսահատօրէն կ՛աղերսեն աշխարհասփիւռ հայութեան՝ օգնել իրենց, քանի դեռ ուշ չէ: Անխղճութիւն կ՛ըլլայ միայն փշրանքներ տալ մեր հայրենակիցներուն, որոնց կեանքը ամէն վայրկեան վտանգի տակ է:
Սուրիահայութեան ողբերգական ճակատագիրը այս օրհասական պահուն պէտք է արժանանայ բոլոր հայերուն առաջնահերթ ուշադրութեան, քանզի անիկա կենաց-մահու հարց է: Մնացած բոլոր խնդիրներն ու ծրագիրները այժմ պէտք է մէկ կողմ դրուին:
2) Լոպիինկ. Հայաստանի կառավարութիւնը, հայկական կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ ազդեցիկ անհատները պէտք է յորդորեն մեծ տէրութիւնները, հարեւան պետութիւնները եւ միջազգային կազմակերպութիւնները՝ ճնշում գործադրելու բոլոր պատերազմող կողմերուն վրայ՝ խուսափելու Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական կորուստներ պատճառելէ: Եթէ նման խնդրանքները անարդիւնաւէտ ըլլան, ապա պէտք է դիմել աւելի խիստ միջոցներու օրինախախտներուն դէմ՝ դադրեցնելով ֆինանսական եւ ռազմական օգնութիւնը եւ զանոնք մեղադրելով պատերազմական յանցագործութիւններու մէջ: Անհրաժեշտութեան պարագային կարելի է ցոյցեր կազմակերպել այն երկիրներու դեսպանատուներուն առջեւ, որոնք կ՛աջակցին քաղաքացիական զոհերու պատասխանատուներուն:
3) Համակարգում. պէտք է ստեղծել համահայկական կառոյց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցի համար ստեղծուած յանձնաժողովի նմանողութեամբ՝ սուրիահայերու համար միջոցներ հայթայթելու եւ լոպիինկի համաշխարհային ջանքերը համակարգելու նպատակով: Այդպիսի կառոյցի անդամները պէտք է ըլլան Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու ղեկավարները, ինչպէս նաեւ՝ Սփիւռքի գլխաւոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Համակարգող յանձնաժողովը պէտք է ունենայ ամբողջական դրոյթով աշխատող աշխատակազմ՝ անհրաժեշտ աշխատանքները ժամանակին եւ արհեստավարժօրէն իրականացնելու համար: Համահայկական կառոյցը պէտք է համագործակցի Սուրիոյ մէջ ներհամայնքային յանձնախումբին հետ՝ ապահովելու համար հանգանակուած միջոցներու նպատակային օգտագործումը:
Պարզ է, որ Սուրիոյ մէջ տիրող զգայուն իրավիճակին պատճառով բոլոր գործողութիւնները չեն կրնար հրապարակային ըլլալ: Այնուհանդերձ, Հայաստանի կառավարութիւնը եւ Սփիւռքի կազմակերպութիւնները որոշ բացայայտ եւ յատուկ քայլերու պէտք է ձեռնարկեն՝ հաւաստիացնելու համար սուրիահայերը, որ անոնք ձգուած չեն իրենց ողբերգական ճակատագիրի քմահաճոյքին, որ՝ աշխարհասփիւռ հայերը խորապէս կը ցաւին անոնց բարօրութեան համար եւ կարելի ամէն ինչ կ՛ընեն այս օրհասական պահուն անոնց նեցուկ կանգնելու նպատակով:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝
«Եռագոյն» կայքէջը