ՊՈԼԻՍ.- «Հայերը Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ՝ 1915էն Առաջ» խորագիրով գիրքի թրքերէնի թարգմանուած նոր հրատարակութեան լուրը փոխանցելով, Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը կը գրէ. «Վերջերս թրքական հրատարակչատուները թափ տուած են 1915ի մասին արտասահմանի մէջ հայ կամ օտար պատմաբաններու կողմէ գրուած գիրքերու թրքերէն թարգմանութիւնները հրատարակելու գործին։ Վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին հրատարակուեցան թարգմանութիւնները այնպիսի գիրքերու, որոնց անունն անգամ կարելի չէր յիշել ասկէ տասը, տասնհինգ տարի առաջ»։ «Մարմարա» կը յայտնէ, որ այս շաբաթ այդ թարգմանութիւններուն վրայ հատ մը եւս աւելցած է։
«Այս օրերուն հրապարակ պիտի հանուի «Արաս» Հրատարակչատան ճիգերով գիրք մը, որ նուիրուած է «Հայերը Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ՝ 1915էն Առաջ» նիւթին», կը գրէ «Մարմարա»։
Գիրքին հեղինակներն են Փարիզի Նուպարեան մատենադարանի այժմու տնօրէն ու պատմաբան Ռեմոն Գէորգեան եւ Փօլ Փապուճեան։ Գէորգեան գրած է պատճէնը, իսկ Փապուճեան իր հաւաքածոյէն տրամադրած է մեծ թիւով լուսանկարներ ու փաստաթուղթեր։
«Թարաֆ» թերթը այս առիթով հարցազրոյց մը ունեցած Ռեմոն Գէորգեանի հետ, որ պատասխանելով հարցումներուն, կը պատմէ որ այս գիրքը քսան տարի առաջ գրուած է եւ առաջին անգամ Հրանդ Տինքուզած էր որ, գիրքը թրքերէնի թարգմանուէր։
«Գիրքին մէջ, պատրիարքարանէն ապահովուած արձանագրութիւններու ու փաստաթուղթերու հիման վրայ մանրամասնեալ կերպով կը պատմուի, թէ ուր՝ քանի՞ հայ կ՛ապրէր։ Ասիկա, մանաւանդ լուսանկարներու շնորհիւ կարծես ետ կը բերէ աշխարհ մը, որ դադրած էր գոյութիւն ունենալէ», կը յայտնէ «Մարմարա»՝ աւելցնելով. «Գիրքին մէջ յատուկ բաժին մը տրամադրուած է Հանրապետութեան հռչակումէն վերջ «Ազգ-Պետութիւն» հիմնել ուզող ազգայնապաշտներու կողմէ հայկական բոլոր տեղանուններուն տեղ դրուած թրքերէն տեղանուններու ցանկին։ 1922ին, երբ քէմալականները Պոլիս պիտի մտնէին, օրուան Պատրիարքը 22 սնտուկներու մէջ Մանչեսթըր ղրկեր է բոլոր փաստաթուղթերն ու վիճակագրութիւնները։ Ինչո՞ւ Մանչեսթըր. որովհետեւ այդ շրջանին Ֆրանսայի մէջ իսկ շատ հայեր չկային, իսկ Մանչեսթըրի մէջ հայկական գաղութ մը կար»։
Օրաթերթը կը յայտնէ, որ այս փաստաթուղթերրը յետագային Պալաքեան սրբազանի նախաձեռնութեամբ Մարսէյլ տարուած են, մէկ մասն ալ տրամադրուած է Նուպարեան մատենադարանին։
Եթէ հայերու դէմ 1915ի սպանդները չըլլային, այսօր ի՞նչ տեսարան կը պարզուէր։ Այս հարցումին պատասխանելով՝ Գէորգեան ըսած է, որ Իթթիհատականներու առաջին ծրագիրն էր հայերու հետ հասարակաց պետութիւն մը հիմնել, բայց հայերը մեծամասնութիւն կրնային ըլլալ, «որովհետեւ տնտեսութիւնն ու առետուրի բոլոր ուղիները հայերու ձեռքին մէջ էին։ Ասիկա ոչնչացուեցաւ։ Թուրքիա հազիւ 1950 թուականին է որ սկսաւ զարգացնել իր տնտեսութիւնը»։
«Ես հանգիստ կերպով կրնամ ըսել որ, եթէ 1915ին հայերու դէմ այդ սպանդները գործուած չըլլային ու տնտեսութիւնը առանց ընդհատումի շարունակուէր, այսօր Թուրքիա Եւրոպայի որեւէ երկիրի մակարդակին վրայ բարօր երկիր մը եղած պիտի ըլլար, նոյնիսկ անոնցմէ ալ աւելի փայլուն դիրք մը պիտի ունենար», յայտնածէ Ռեմոն Գէորգեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.