
ՊԱՂՏԱՏ.- Հայաստանի փոխվարչապետ, Տնտեսական համագործակցութեան հարցերով հայ-իրաքեան միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի համանախագահ Արմէն Գէորգեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Իրաք տուած պաշտօնական այցելութիւնը սկ-սաւ 6 Նոյեմբերին՝ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումով:
Հանդիպումէն առաջ փոխվարչապետը եւ պատուիրակութեան միւս անդամները ծաղիկներ զետեղեցին Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին առջեւ:
Եկեղեցւոյ մէջ կայացած հանդիպումին ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական վարչութեան, համայնքին մէջ գործող ազգային կազմակերպութիւններու անդամներ: Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արքեպիսկոպոս Ասատուրեանը ողջունեց Հայաստանի պաշտօնական պատուիրակութեան Իրաք այցելութիւնը՝ նկատել տալով, որ վերջին տարիներուն ընթացքին հայրենիքէն ժամանած առաջին նման պատուիրակութիւնը կը հանդիսանային. ան հաստատեց, որ նման այցելութիւնները կ՛ամրապնդեն եւ կ՛ոգեշնչեն գաղութը։
Փոխվարչապետը ողջունեց ներկաները՝ ընդգծելով, որ Իրաքի հայ համայնքը պատմութիւն եւ աւանդոյթներ ունեցող այն գաղթօճախներէն է, որ իր գոյութեան ողջ ընթացքին տարբեր փորձութիւններ դիմագրաւած է։ «Գիտենք, թէ ինչպիսի դժուարութիւնների միջով է անցել իրաքահայ համայնքը վերջին տարիներին: Յոյսով եմ, որ այդ ամէնն արդէն անցեալում է, եւ հայ համայնքն արագ կը վերականգնի ուժերը ու իր նպաստը կ՛ունենայ երկու երկրների յարաբերութիւնների զարգացմանը», ըսաւ փոխվարչապետը:
Ան գնահատելի համարեց համայնքի եւ համայնքային կազմակերպութիւններու աշխատանքն ու դերը ազգային հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներու պահպանման իմաստով: Փոխվարչապետը վս-տահեցուց, որ Հայաստանը մնայուն կերպով պիտի ըլլայ սփիւռքահայ հայրենակիցներուն կողքին՝ նշելով, որ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը սփիւռքի հայրենակիցներու խն-դիրներուն աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնելու, հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններուն աւելի համակարգուած բնոյթ հաղորդելու նպատակ ունէր՝ հաստատելով, որ վերջին տարիներուն այդ առնչութեամբ լուրջ աշխատանք տարուած է: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան համայնքային կեանքին, Իրաքի ներքին իրավիճակին, համայնքը յուզող հարցերուն վերաբերող հարցեր: