
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Նախաձեռնութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Լիբանանահայ աւանդներու ակումբին (Լիպանիզ-Արմինիըն Հերիթեճ Քլապ) եւ գործակցաբար համալսարանի ուսանողական խորհուրդին Հինգշաբթի, 1 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 6ին վերահաստատուեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին համալսարանի նահատակուած շրջանաւարտ բժիշկներու յիշատակին զետեղուած յուշատախտակը:
Ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի այժմու նախագահ Փիթըր Տորմանի, ակադեմականներու, համալսարանական ուսանողներու, ազգասէր հայորդիներու եւ Հայ Դատին բարեկամ ու համակիր հոծ բազմութեան, Վահէ Սեֆերեան բացումը կատարեց ձեռնարկին: Լիբանանահայ աւանդներու ակումբի նախագահ Սեֆերեան ողջունեց ներկաները՝ իր շնորհակալութիւններն ու գոհունակութիւնը յայտնելով ձեռնարկին ներկայ եղող հանրութեան: Ան ներկայացուց յայտագիրի գլխաւոր խորագիրները՝ ընդգծելով, որ անիկա նպատակ ունի վեր առնել անցեալին այս համալսարանի շրջանաւարտ բժիշկներուն ցուցաբերած ազնիւ կեցուածքը Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին: Ապա ան խօսքը փոխանցեց Լիբանանահայ աւանդներու ակումբէն Հրաչ Քեստենեանին:
Քեստենեան շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստած էին այս ձեռնարկի իրականացման, նշեց, թէ ինք զարմանքով նկատած էր, թէ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի պատմութեան մէջ կարեւոր դէպք մը մոռացութեան ենթարկուած է: Ապա Հրաչ Քեստենեան պատմական ակնարկով մը վերյիշեց, թէ առաջին անգամ 26 Յունիս 1923ին էր, որ յուշատախտակի քօղազերծումը կը կատարուէր այս համալսարանի շրջանաւարտ այն նահատակ բժիշկներուն, որոնք ազնուօրէն ծառայած էին թրքական բանակին մէջ՝ փրկելու համար ուրիշներու կեանքերը, երբ նոյն այդ թրքական բանակի պետութիւնը կը կոտորէր իրենց ընտանիքի անդամները: Թուելով այս յուշատախտակի վերահաստատումը 1926ին պրոնզէ կերպարով եւ ապա 1976ին անոր պահ դրուիլն ու աւելի ուշ կորսուիլը, Քեստենեան նշեց, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմին լիբանանեան եւ սուրիական ճակատներու հրամանատար Ճեմալ Փաշա յատուկ հոգածութեամբ մօտեցած էր Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին (որ այդ շրջանին կը կոչուէր Սուրիական բողոքական քոլեճ)՝ ապահովելու համար անոր բժիշկներուն ծառայութիւնը թրքական ռազմաճակատներուն վրայ: Ըստ Քեստենեանի, Համաշխարհային Ա. պատերազմին թուրքերու կողմէ այս համալսարանէն նահատակուած են շրջանաւարտ 28 բժիշկներ եւ դեղագործներ, որոնցմէ միայն 16ը յիշուած են յուշատախտակին վրայ: Այս առիթով կատարած իր յատուկ ուսումնասիրութենէն մէջբերում կատարելով՝ Քեստենեան յիշեց, թէ իր այս քայլով կը յուսայ յայտնաբերել յուշատախտակին մէջ նշուած 17 հայ բժիշկներու ընտանեկան պարագաները:
Ապա Սեֆերեան կրկին խօսք առնելով բեմ հրաւիրեց համալսարանի ուսանողական խորհուրդի փոխնախագահ՝ Ճօ Իտը, որ իր հպարտութիւնը յայտնելով այս առիթին համար՝ մեծապէս գնահատեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի շրջանաւարտ բժիշկներու ազնիւ ու վեհանձն կեցուածքը, բժիշկներ, որոնք իրենց կեանքին գնով փրկեցին ուրիշները:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ համալսարանի նախագահ դոկտ. Փիթըր Տորմըն, որ յայտնեց, թէ հակառակ պատմագէտ ըլլալուն, զարմանքով տեղեկացած էր «համալսարանի պատմութեան այս կարեւոր եղելութեան, որ դժբախտաբար ցարդ մոռցուած էր»:
«Հոս եկած ենք ոչ միայն յարգելու այդ նահատակ բժիշկներու յիշատակը, այլեւ՝ վերակենդանացնելու եւ վերանորոգելու անոնց թողած աւանդն ու յիշատակը, որ համակ զոհաբերութիւն եւ ազնուութիւն կը բուրէր», յայտնեց դոկտ. Տորմըն եւ աւելցուց. «Անոնց յիշատակը վերակենդանացնելով մենք կը վերյիշենք Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի առաքելութիւնը, որ օրրանը դարձած է զանազան քաղաքակրթական ենթահողերով ուսանողներ համախմբելու եւ զանոնք ընկերային ծառայութեան ու զոհաբերութեան մղելու: Անոնց կենսագրականները կարդալով կը նկատենք, թէ ինչպիսի՛ աշխոյժ գործունէութիւն տարած են անոնք համալսարանի իրենց գիշերօթիկային կեցութեան եւ ուսանողութեան ընթացքին»:
Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» նուագախումբէն չորս երիտասարդ-երիտասարդուհիներ կիթառի վրայ նուագեցին «Արդեօք ովքեր են» ազգային երգը եւ այլ եղանակներ:
Ապա, երեսփոխան Բագրատունի եւ դոկտ. Փիթըր Տորմըն միասնաբար կատարեցին պրոնզէ յուշատախտակին քօղազերծումը: