ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Դրականը նա է, որ քաղաքական ուժերը գնալով ակտիւանում են, ընդ որում նաեւ ՀՅԴն», «Երկիր»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է Ազգային ժողովին մէջ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեանը եւ յայտնած է, որ կարդացած է ՀՅԴի Գերագոյն Մարմինի կողմէ 8 Նոյեմբերին հրապարակուած յայտարարութիւնը: Սահակեանը վստահ է, որ ՀՅԴի կողմէ առաջադրուած իւրաքանչիւր կէտի համար պէտք է հիմնաւորումներ ունենալ։
«ՀՅԴի առաջարկութիւնը ՀՀԿում կը քննարկենք եւ գնահատական կը տանք», նշած է Սահակեանը եւ ընդգծած, որ պէտք է բերուին նոր պարզաբանումներ եւ հիմնաւորումներ, թէ ինչո՛ւ պէտք է անցնիլ կառավարման խորհրդարանական համակարգի:
ՀՅԴի տեսակէտներուն լաւածանօթ է Գալուստ Սահակեանը։ Անոր կարծիքով, եթէ նոյնիսկ համաձայնութիւն ձեռք բերուի, ապա Սահմանադրութիւն, Ընտրական օրէնսգիրք փոխելը ամիսներ պիտի տեւեն:
Գալուստ Սահակեանի անձնական կարծիքով, կառավարման ձեւին մէջ չէ մեր խնդիրը եւ այդ ձեւի փոփոխութեամբ հրաշքներ պիտի չկատարուին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.