ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Ռիա Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզի յայտարարած է, որ Ռուսիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն Մոսկուա-Դամասկոս թռիչք կատարող սուրիական օդանաւէն գրաւուած բեռը վերադարձնելու շուրջ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները:
Հոկտեմբերի վերջաւորութեան, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նշած էր, որ օդանաւին մէջ եղած բեռը «օրինական ռուսական մատակարարը կը տեղափոխէր՝ օրինական կերպով՝ օրինական պատուիրատուին»: Թուրքիա աւելի ուշ ընդունեց բեռի օրինականութիւնը, սակայն կը շարունակէ փաստաթուղթեր պահանջելով ձգձգել բեռին վերադարձը:
Լաւրով նաեւ յայտարարած էր, որ Ռուսիա Թուրքիայէն հրապարակային հաստատումի կը սպասէ այն մասին, որ Անգարայի մէջ էջք կատարելու պարտադրուած սուրիական օդանաւին մէջ որեւէ զէնք կամ զինամթերք չէ եղած:
Միւս կողմէ՝ ՄԱԿի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին Չորեքշաբթի օր յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատումը կարելի պիտի ըլլար, եթէ միջազգային դէտերու պատուիրակութիւնը հոն մնացած ըլլար: Ան նշեց, որ ընդդիմադիր շարք մը զինեալ խմբաւորումներ անտեսեցին Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի ժամանակաւոր զինադադար հաստատելու կոչը եւ այդ պատճառով, Ատհա տօնի օրերուն անոր առաջարկած զինադադարը տապալեցաւ: «Ցաւ կը յայտնենք միջազգային դէտերու առաքելութեան ժամկէտը չերկարաձգելու ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումին համար», ըսաւ ան:
Չուրքին նաեւ հաստատեց, որ Նիւ Եորքի մէջ Սուրիոյ հարցով աշխատանքային խմբակի ժողով մը գումարելու ռուսական առաջարկը սեղանի վրայ կը մնայ:
Նաեւ, ՄԱԿի մօտ Իսրայէլի դեսպան Ռոն Փրոսոր ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին պաշտօնական բողոքագիր մը ներկայացուց՝ քննադատելով սուրիական հրասայլերուն՝ Կոլանի բարձունքներուն վրայ գտնուող ապազինեալ գօտի մուտք գործելը եւ իսրայէլեան ուժերու վրայ հրացանաձգումը:
Միւս կողմէ՝ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլեըմ Հէյկ յայտնեց, որ իր կառավարութիւնը վերջերս արտօնած է սուրիական ընդդիմութեան մարտական թեւի ղեկավարներուն հետ հանդիպումներ կայացնելը: Նախապէս միայն քաղաքական դէմքերու հետ հանդիպումները արտօնուած էին: Հէյկ շեշտեց, որ ատիկա չի նշանակեր, թէ Բրիտանիա պատրաստ է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը տապալելու համար զինուորական օժանդակութիւն տրամադրելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.