ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային վարչութիւնը, Կանանց վիճակի Կլենտէյլի յանձնաժողովին հետ գործակցաբար, Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 25ի երեկոյեան, ընտանեկան բռնութիւններու առնչուող շահեկան հրապարակային ձեռնարկ մը կազմակերպած էր Կլենտէյլի կեդրոնական հանրային գրադարանի սրահին մէջ:
Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը կատարեց յանձնաժողովի աշխատակիցներէն Քրիսթին Պ. Փաուըրզ, որ բարի գալուստի իր խօսքերէն ետք հրաւիրեց ձեռնարկի կազմակերպիչ կազմակերպութիւններու ատենապետները՝ իրենց սրտի խօսքը փոխանցելու: Յանձնաժողովի ատենապետ Տընիս Միլըր եւ ՀՕՄի Շրջ. վարչութեան ատենապետ Լենա Պօզոյեան կեդրոնացան իրենց կազմակերպութիւններու հետապնդած ընկերայի հարցերու կարեւորութեան վրայ եւ շեշտեցին յատկապէս ընտանեկան բռնութիւններու առաջքը առնելու իրենց ջանքերը:
Ապա ցուցադրուեցաւ «Loves Me, Loves Me Not» վաւերագրական կարճ ժապաւէնը, որ կեդրոնացած էր ամուսնացած զոյգի մը վայրագ յարաբերութիւններուն վրայ, որոնք անախորժ վախճանի առաջնորդած էին զոյգին կեանքը:
Ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք ներկաներուն հարցումներ ուղղելու առիթ տրուեցաւ: Հարցումներուն պատասխանեցին չորս մասնագէտ դասախօսներ. հոգեբան եւ ՀՕՄի հոգեբանական կեդրոնի հիմնադիրներէն տոքթ. Լեւոն Ճըրնազեան, Կլենտէյլի ոստիկանական բաժանմունքի գաղտնի ոստիկան Սթիւ Քորիկըն, YWCA-ի ընտանեկան բռնութիւններու բաժինի վարիչ Ռաքել Օրթիզ եւ Լոս Անճելըս գաւառի իրաւաբաններու ընկերակցութեան ընտանեկան բռնութիւններու ծրագիրի կամաւոր օգնական իրաւաբան Հետըր Փուլ:
Ներկաները հետաքրքրական հարցումներ հարցուցին ցուցադրուած ժապաւէնի եւ ընտանեկան բռնութիւններու դրդապատճառներուն մասին, որոնց, ըստ իրենց մասնագիտութեան՝ սպառիչ ձեւով պատասխանեցին բոլոր դասախօսները: Տեղեկութիւններ փոխանցուեցան օրինական հեռանկարներու, օգնութեան աղբիւրներու, ոստիկանութեան կողմէ ընտանեկան բռնութեանց պարագաներու հակակշռումին, ինչպէս նաեւ բռնութեան զոհին եւ զայն կատարողի հոգեբանական ներաշխարհին մասին:
Շահեկան այս ձեռնարկը մեծապէս նպաստեց կարեւոր սոյն հարցի ծալքերու ծանօթացման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.