Կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայ Դատի գրասենեակին, աջակցութեամբ Հայաստանի դեսպանութեան, 22-24 Հոկտեմբերին Թորոնթոյի, Օթթաուայի եւ Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Քրիս Պոհճալեանի «Աւազէ ամրոցի աղջիկները» գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքը կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ կեդրոնանալով Արմէն Պետրոսեանի եւ Էլիզապէթ Էնտիկոթթի սիրոյ պատմութեան վրայ:
Օթթաուայի մէջ շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 23 Հոկտեմբերին «Ռիտօ» կեդրոնի «Չեփթըրզ» գրախանութին մէջ:
Հայաստանի դեսպան Արմէն Եկանեան իր ելոյթին մէջ ընդգծեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ «ցեղասպանութիւն» երեւոյթի դատապարտման կարեւորութիւնը՝ նման ոճրագործութիւնները յետագային բացառելու նպատակով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.