
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինը իր հերթական նիստը գումարեց Չորեքշաբթի, 7 Նոյեմբերի երեկոյեան, Լիբանանի հայոց թեմի Պուրճ Համուտի առաջնորդարանին մէջ: Նիստին ներկայ եղան Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, 100ամեակի պետական յանձնախումբի անդամ եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան եւ աշխարհահռչակ դաշնակահար Վարդան Մամիկոնեան: Օրակարգի հիմնական կէտը կը վերաբերէր Հինգշաբթի 8 Նոյեմբերի երեկոյեան Սեն Ժոզէֆ եկեղեցւոյ մէջ արդէն տեղի ունեցած ֆիլհարմոնիք համերգին, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն: Յիշենք, որ համերգը կը տեղադրուի Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամին հովանաւորութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ զանազան երկիրներու մէջ տեղի ունեցող 100 համերգներու ընդհանուր ծրագիրին մէջ: