
Իր համակիրներուն ուղղուած նամակով մը, «Պէյ Ռու» կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ իր երկրորդ ամբողջական ալպոմը արտադրելու ընթացքի մէջ է:
Ան կը գրէ, թէ իր նախորդ՝ «Լիթըլ Արմինիա» ալպոմը արտադրած է սահմանափակ գումարով, սակայն կը փափաքի երկրորդը աւելի արհեստավարժ միջոցներով արտադրել՝ միաժամանակ գործակցելու շարք մը այլ արուեստագէտներու հետ, եւ այդ պատճառով որոշած է դիմել դրամահաւաքի:
«Պէյ Ռու»ի յաջորդ ալպոմի արտադրութեան նիւթապէս օժանդակելու համար գոյութիւն ունին տարբեր առիթներ՝ 10էն 2000 տոլարի միջեւ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին համեմատ նուէրներ պիտի տրամադրուին նուիրատուին:
Արուեստագէտին նպատակն է գոյացնել 10,000 տոլար գումար մը:
Օժանդակելու կարելիութեանց մանրամասնութեանց համար, այցելել www.kickstarter.com/projects/beiru/bei-rus-upcoming-album կամ www.facebook.com/events/542916332402164 կայքէջերը: