ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Պարտուողականութիւնը: Ժամանակին, լրագրող-մեկնաբան մը Լոս Անճելըսի հեռատեսիլի իր սեփական յայտագիրէն կը փոխանցէր ուղղակի կամ անուղղակի պատգամներ, որոնց միտք բանին այն էր, թէ մենք՝ հայերս, մեր պետութեամբ ի՛նչ կը ներկայացնենք, որ կարենանք դէմ դնել մեծ պետութեանց մեզի համար մշակած ծրագիրներուն: Ուրեմն, քիչ մը վասակեան դիւանագիտական դպրոցի տրամաբանութեամբ՝ աւելի լաւ է յանձնուինք, տանք այն, ինչ կ՛ուզեն մեզմէ եւ բաւարարուինք այն ինչով, որ մեզի կը շնորհուի նոյն այդ մեծերուն կողմէ:
Այդ յայտագիրը փակուեցաւ, բարեբախտաբար: Սակայն, նման պարտուողական պատգամաբերներէ, կարծէք, պրծում չունինք: Որքան ալ հազուադէպ ըլլայ, մեր համայնքի որեւէ կազմակերպութեան մը կողմէ նման անձերու մէկ անգամ իսկ բեմ տրամադրելը ճիշդ չենք նկատեր:
Եկէ՛ք չխաբուինք տիտղոսներով, պաշտօններով՝ նախկին թէ այժմու: Եկէք մեր ապրած երկրին մէջ բարձրագոյն դիրքերու հասած հայ մարդոցմով հպարտանալու ազգային սնափառութեան տուրք տալով՝ այդ պաշտօնատարներու յորդորները, վերլուծումները, գնահատումները հալած իւղի պէս չընդունինք: Ընդհակառակը, նկատի առնելով, որ նման մարդոց փոխանցած պատգամները կրնան խորապէս տպաւորել ու ազդել անմեղսունակ ունկնդիրներուն՝ պէտք է պատրաստ ըլլանք անմիջապէս հակազդելու անոնց, պէտք է հակաճառել, մերժել ու վարկաբեկել պարտուողական գաղափարները: Աւելի ճիշդը, անշուշտ, ընդհանրապէս բեմ չտալն է նման անձերու:
Վերջերս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի նախկին օգնական, Սուրիոյ մօտ ԱՄՆի նախկին դեսպան, յայտնի դիւանագէտ ու դասախօս մը (կը տեսնէ՞ք որքա՛ն տպաւորիչ են այս տիտղոսները) դասախօսութիւն մը տուած էր Փասատինայի մէջ, հայկական կազմակերպութեան մը հրաւէրով: Ճէրէճեանի խօսքերը կասկածի տակ կը դնէին Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի կենսունակութիւնը՝ մեր պետութիւններու վերապրումի ռազմավարութիւնը անձնատուութեան համազօր զիջողականութեան մէջ տեսնելով: Մենք չենք հաւատար, որ դասախօսութիւնը կազմակերպող ՀԲԸՄի Ասպետները նման ոչ-ասպետական գաղափարներ քարոզելու միտում ունեցած են:
Հրապարակային ձեռնարկներ կազմակերպելու ընթացքին, եկէ՛ք աւելի բծախնդիր եւ ուշադիր ըլլանք: