ԳԱՀԻՐԷ, ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14ին ողջունեց սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինին կազմութիւնը, սակայն ըսաւ, թէ ան պէտք է իր արարքներով հաստատէ, թէ իսկական ներկայացուցիչն է Սուրիոյ ժողովուրդին, որմէ ետք միայն պիտի արժանանայ Միացեալ Նահանգներու ամբողջական ճանաչման: Ուաշինկթըն նաեւ դատապարտեց գրաւեալ Կոլանի բարձունքներուն դէմ կատարուած սուրիական ռմբակոծումը:
Մէկ օր առաջ, Ֆրանսա յայտարարած էր, թէ Ազգային համաձայնական մարմինը կը նկատէ Սուրիոյ ժողովուրդին միակ եւ օրինական ներկայացուցիչը: Դամասկոս «անբարոյական քայլ» համարեց Փարիզի այս կեցուածքը, որովհետեւ այս նոր մարմինը կը փափաքի Սուրիան քանդել: Իսկ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտնեց, որ Ազգային համաձայնական մարմինը ամերիկեան-քաթարական ծրագիր մըն է եւ ոչ թէ սուրիական արտադրութիւն:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ Չորեքշաբթի օր յայտնեց, թէ Ֆրանսա սուրիական ընդդիմութեան զէնք պիտի մատակարարէ, երբ անիկա կառավարութիւն մը ձեւաւորէ:
Մէկ օր առաջ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս նշեալ մարմինի ղեկավարութեան հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ Ֆրանսա այս մարմինին պիտի զօրակցի, եւ կոչ ուղղեց այլ երկիրներու, որ Ազգային համաձայնական մարմինը ճանչնան՝ իբրեւ սուրիացի ժողովուրդի միակ օրինական ներկայացուցիչը:
Իր կարգին, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլեըմ Հէյկ յայտնեց, որ Ազգային համաձայնական մարմինը ճանչնալու համար կանուխ է տակաւին եւ այդ հարցը յաւելեալ ժամանակի կը կարօտի:
Չորեքշաբթի օր, բրիտանական «Ինտիփենտընթ» թերթը գրած է, թէ Բրիտանիա եւ Ֆրանսա սուրիական ընդդիմութեան շարքերուն մէջ ծայրայեղական իսլամներու ներկայութեամբ մտահոգ են:
Ապահովական գետնի վրայ, սուրիական օդուժը յաջորդական երրորդ օրն ըլլալով, ռմբակոծեց Թուրքիոյ սահմանակից շրջաններուն մէջ գտնուող ընդդիմութեան դիրքերը:
Նաեւ, Եւրոմիութեան եւ Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Երեքշաբթի օր Գահիրէի մէջ ժողով մը գումարեցին: Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտնեց, որ «ընթացող բռնարարքները, իշխանութեան կարծր կեցուածքին պատճառով՝ Սուրիան դէպի քայքայում կը տանին»: Ան Ազգային համաձայնական մարմինի կազմութիւնը «յոյսի նշոյլ» մը նկատեց եւ պետութեանց կոչ ուղղեց՝ զայն ճանչնալու:
Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն վճռակամութիւն յայտնեց Արաբական լիկային հետ գործակցելու՝ նշելով, որ Սուրիոյ իրադարձութիւնները կ՛ազդեն ամբողջ շրջանին վրայ:
Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց. «Սուրիոյ տառապանքին ժխտական անդրադարձները կը զգանք: Սուրիոյ տագնապին լուծումը մեր պարտաւորութիւնն է»: Ան կոչ ըրաւ Սուրիոյ մէջ մարդկային եւ փոքրամասնութեանց իրաւունքները յարգելու:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց Ազգային համաձայնական մարմինին աջակցելու:
Միւս կողմէ, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային յարաբերութեանց խորհրդատու Ալի Աքպար Վիլայեթի յայտնած է, որ սուրիական զինեալ ընդդիմութեան 90 առ հարիւրը չէ կազմուած սուրիացիներէ: Ան «արաբական յետադիմական երկիրներ»ը ամբաստանեց «Քայիտա»էն վարձկաններ Սուրիա ուղարկելու յանցանքով՝ շեշտելով, որ իր երկիրը սուրիական կառավարութեան կը զօրակցի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.