ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռաշա Թուտէյ».- Թուրքիոյ նախագահ ԱպտուլլաAհ Կիւլ յայտարարեց, որ սուրիական սպառնալիքը դիմակայելու համար, «որեւէ տեսակի զէնքով զինուիլը մեր իրաւունքն է»:
Թուրք պաշտօնատարներ յայտնած են, թէ Անգարա ՆԱԹՕի իր գործընկերներէն պաշտօնապէս պիտի պահանջէ «Փաթրիոթ» տիպի հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներ տեղակայել Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ:
Ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը՝ այդ պահանջը «անխուսափելի է»: Ան ըսած է, որ այդ հարցը կը յետաձգուէր՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան արդիւնքի սպասման պատճառով:
Աղբիւրը նշած է, որ ՆԱԹՕ տրամադիր չէ միջամտել Սուրիոյ տագնապին՝ առանց ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդէն լիազօրութեան մը:
Յայտնենք, թէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ «դրամ վճարելով «Փաթրիոթ»ներ ձեռք ձգելու որեւէ տրամադրութիւն չունինք»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.