
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23ին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Էրիք Կարսեթի եւ Փօլ Գրիգորեան կազմակերպեցին Հայ մշակոյթի ամսուան առիթով իւրայատուկ հաւաք մը, որուն ընթացքին մեծարուեցան խումբ մը հայորդիներ եւ հայկական կազմակերպութիւններ:
Մեծարեալներն էին՝ «Բարսեղեան Ռեքորտս»ը, «Արփա» հիմնադրամը, «Գարուն Տերիզ»ը, Գրիգոր Սաթամեանը, «Լարք» երաժշտական ընկերակցութիւնը, Վահիկ Փիրհամզէյը եւ «ՃԷյ.Փի.Էլ.»ի կողմէ դէպի Հրատ ուղարկուած «Քիւրոսիթի»ի ծրագիրին վրայ աշխատած 16 հայերը:
Շարժապատկերի, երաժշտութեան եւ արուեստի «Արփա» հիմնադրամը 1995ին կազմուած է Սիլվիա Մինասեանի ջանքերով՝ նեցուկ կանգնելու համար նորելուկ հայ արուեստագէտներու: Հիմնարկը նաեւ Հոլիվուտի մէջ կը կազմակերպէ Շարժապատկերներու տարեկան փառատօնը:
Սիլվիա Մինասեանի կողքին, մեծարման ձեռնարկին ներկայ էին հիմնարկի վարչութեան անդամներ Աբօ Ճապարեան եւ Մարալ Գազազեան, գործադիր մարմինի անդամ Թալիա Դանիէլեան եւ նախկին վարչութեան անդամներէն Անի Յակոբեան:
Շարժապատկերներու տարեկան 15րդ փառատօնը տօնող հիմնարկին հիմնադիրը՝ Սիլվիա Մինասեանը, այս տարուան ընթացքին ստացաւ նաեւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ոսկեայ շքանշանը, Կլենտէյլ գտնուող Հայաստանի հիւպատոսարանին մէջ կայացած հանդիսութեան մը ընթացքին, ձեռամբ աւագ հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանի:
«Արփա» հիմնարկը այս տարի ստացաւ նաեւ «Ռոլ Կլոպըլ» հիմնարկի մրցանակը: