ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ հիմնուած «Առաքելոց լսարան» ծրագիրի յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Նոյեմբերի 17ին, առաւօտեան ժամը 9:30ին, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցիին մէջ (2215 East Colorado Blvd., Pasadena CA, 91107):
Մաշտոց Չօպանեան պիտի ներկայացնէ «Աստուածաշունչը Հայց. եկեղեցում» դասախօսութիւնը, որուն պիտի կը հետեւի Հայկ Մատոյեանի «Հայց. առաքելական եւ Ուղղափառ եկեղեցու Հաւատ»ի ներկայացումը:
Ծրագիրին նպատակն է ուխտագնացութիւններ կազմակերպել դէպի Արեւմտեան թեմի եկեղեցիներն ու ծուխերը եւ զրոյցներու ու դասախօսութիւններու միջոցով քննել Հայց. առաքելական Ս. եկեղեցւոյ դաւանանքը, պատմութիւնը եւ արդի կացութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.