
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- «Ատրպէյճանի խորհրդարանը պէտք է բողոք յայտնէ Ուրուկուէյի ղեկավարութեան, վերջերս Ուրուկուէյի խորհրդարանի անդամի մը կատարած յայտարարութեան եւ խորհրդարանի երեսփոխաններու կողմէ Ատրպէյճանի բռնագրաւեալ տարածքներ կատարուած անօրինական այցելութեան համար», Ատրպէյճանի խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին՝ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 15ին յայտարարեց երեսփոխան Գանիրա Փաշայեւա: Ան կ՛ակնարկէր Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Օրիքոյի գլխաւորած երեսփոխանական պատուիրակութեան կողմէ Երեքշաբթի օր Լեռնային Ղարաբաղ կատարուած պաշտօնական այցելութեան եւ Ուրուկուէյ-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խմբակի ղեկավար, Ուրուկուէյի խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Ռուպէն Մարթինեզ Ուելմոյի այն յայտարարութեան, թէ հաւանական է, որ Ուրուկուէյ մօտիկ ապագային ճանչնայ Արցախի հանրապետութիւնը:
«Ուրուկուէյցի պատգամաւորներուն արարքը անարգանք է Ատրպէյճանի ժողովուրդին նկատմամբ: Անոնք կ՛ոտնակոխեն միջազգային օրէնքները եւ իրենց քայլերով բացասաբար կ՛ազդեն հայ-ատրպէյճանական յարաբերութեանց եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վրայ: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը անհրաժեշտ միջոցներու արդէն իսկ կը ձեռնարկէ, սակայն խորհրդարանը եւս պէտք է իր բողոքը արտայայտէ Ուրուկուէյի ղեկավարութեան դէմ», ըսաւ Փաշայեւա: