
«Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամը՝ Կարէն եւ Սամուէլ Կարապետեաններու գլխաւորութեամբ, գումար պիտի յատկացնէ Վանաձորի մէջ կառուցուելիք գերժամանակակից առողջապահական համալիրի ծննդատան շինարարութեան: Այս մասին յայտնած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր Կարէն Կարապետեանի գրասենեակի ղեկավար Արտակ Ճաղարեանը: Անոր համաձայն, համալիրը, որուն շինարարական աշխատանքները պիտի սկսին յառաջիկային, պիտի կառուցուի Համաշխարհային դրամատան միջոցներով, իսկ շուրջ 2500 քմ. տարածքով ծննդատունը՝ «Տաշիր»ի, որուն համար Կարապետեան եղբայրները նախնական հաշիւներով պիտի տրամադրեն աւելի քան 2 միլիոն տոլար։
Խօսելով «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամի յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին՝ Ա. Ճաղարեանը տեղեկացուցած է, որ 20 Դեկտեմբերին Վանաձորի մէջ կեանքի պիտի կոչուի երկու ծրագիր եւս. Կարապետեաններուն ընտանիքին կողմէ պիտի պարգեւատրուին Լոռիի մարզի մօտ 50 երիտասարդ գիտնականներ, որոնք կ՛ապրին, կ՛աշխատին եւ կը ստեղծագործեն մարզին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Լոռիի մարզի բոլոր դպրոցներու եւ միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններու շուրջ 300 մանկավարժներ: Ուսուցիչներուն թեկնածութիւնները ներկայացուցած են դպրոցներու մանկավարժական խորհուրդները:
Վերջին քանի մը տարիներուն Սամուէլ եւ Կարէն Կարապետեաններուն հովանաւորութեամբ պարբերաբար կազմակերպուած է Լոռիի մարզի հազարաւոր երիտասարդներու եռօրեայ հաւաքն ու հանգիստը Ծաղկաձորի մէջ: Համագործակցելով «Լոռու երիտասարդ սերունդ» հասարակական կազմակերպութեան հետ՝ «Տաշիր» քանի մը նման ծրագիրներ պիտի իրականացնէ նաեւ Դեկտեմբերին, եւ անոր պիտի մասնակցին շուրջ 300 երիտասարդներ։
Կարէն Կարապետեանի գրասենեակին ղեկավարը նաեւ յայտնած է, որ իրենք դիմած են հանրապետութեան բոլոր պետական համալսարաններու ղեկավարներուն՝ խնդրելով, որ տրամադրեն իրենց կառոյցներուն մէջ ուսանող Լոռիի մարզի միակողմանի եւ երկկողմանի ծնողազուրկ ուսանողներուն ցանկը: Ցանկը ունենալէ ետք հիմնադրամը պիտի քննարկէ այդ ուսանողներուն առնչուած ծրագիր իրականացնելու հարցը։