Պուլկարիոյ մէջ տեղակայուած ու աշխարհի շարք մը երկիրներու մէջ գործող «Նեքսթ փէյճ» հիմնադրամը Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հետ համագործակցաբար կատարած է Հայաստանի գրահրատարակչութեան ոլորտին վերաբերող ուսումնասիրութիւն մը, որուն հիմնական մասը կը վերաբերի թարգմանութիւններուն:
Եւրամիութեան աջակցութեամբ իրականացուող ծրագիրի ծիրին մէջ հիմնադրամը փորձած է պարզել, թէ ի՛նչ գրականութիւն ու որքա՛ն տպաքանակով է այն գրականութիւնը, որ հայերենէ օտար լեզուներ կը թարգմանուի եւ հակառակը: Հետազօտողները բացայայտած են, որ 1991 թուականէն ի վեր հայերէնի ֆրանսերէն թարգմանուած գիրքերուն թիւը եղած է ամէնէն շատը, ապա կու գան գերմաներէնը, իտալերէնը, անգլերէնը։
Հիմնադրամի նախագահ Եանա Գենովան յայտնած է, որ ուսումնասիրութիւն կատարելու ընթացքին գտած են կարգ մը առանձնայատկութիւններ. «Հայերէնէն այլ լեզուներ թարգմանութիւն կատարելու իմաստով հիմնական յոյսը դրուած է սփիւռքին վրայ՝ ե՛ւ որպէս սպառողի, եւ թէ որպէս թարգմանիչի: Առաւելութիւն է այն, որ Հայաստանէն դուրս մեծ թիւով հայեր կան, բայց կան նաեւ այս երեւոյթին ժխտական կողմերը։ Արդարեւ, սփիւռքէն դուրս առկայ է հսկայ շուկայ մը, որ կրնայ սպառել հայկական գրականութիւն, սակայն անիկա ընդհանրապէս կ՛անտեսուի: Յաջորդ առանձնայատկութիւնը այն է, որ հայերէնէ օտար լեզուներ կը թարգմանուին հիմնականին մէջ պատմական բովանդակութիւն ունեցող գիրքեր՝ Հայաստանի պատմութեան, եկեղեցւոյ պատմութեան եւ ցեղասպանութեան մասին»:
«Շատ շատ քիչ է այլ լեզուներ թարգմանուող ժամանակակից գրականութիւնը, այն գրականութիւնը, որ այսօր կը ծնի ու կը կարդացուի։ Շատ ցաւալի է, որ այդպէս է, որովհետեւ եւրոպացի հրատարակիչները ընդհանրապէս ներկայով հետաքրքրուած են»։
Եանա Գենովան օրինակ բերած է պուլկարերէնը, որ հայերէնին նման փոքր լեզու է: Ըստ անոր, պուլկարերէնէն եւրոպական լեզուներ կը թարգմանուին ժամանակակից գրականութիւն, հիմնականին մէջ՝ վէպեր, որոնց հեղինակները այժմ միջին տարիքի մարդիկ են:
Թարգմանիչ Սամուէլ Մկրտչեանը նշած է, որ յատկապէս արձակը օտար լեզուներով թարգմանելու հարցը շատ լուրջ է եւ կրնայ լուծուել միայն պետական աջակցութեամբ. «Առանձին անհատներ կարող են նախաձեռնել թարգմանութիւններ, այդ թւում նաեւ ես, բայց դրանք անձնական նախաձեռնութիւններ են, եւ տպաքանակը պատկանում է հեղինակին եւ ոչ պետութիւնը, հետեւաբար պետութիւնը չի կարող տարածել այդ գրքերը արտասահմանի գրադարաններում եւ գրախանութներում»:
Ըստ թարգմանիչին, հիմնականին մէջ իր մշակոյթն ու գրականութիւնը իր երկրէն դուրս տարածելով հետաքրքրուած պէտք է ըլլայ պետութիւնը։
«Պետութիւնն առաջին հերթին իր մշակոյթով է ներկայանում աշխարհին, եւ եթէ դու բան չունես ներկայացնելու, քեզ ոչ ոք հաշուի չի առնի», նշած է Սամուէլ Մկրտչեանը:
Մշակոյթի նախարարի խորհրդական Ներսէս Տէր Վարդանեանի համաձայն, պետական պատուէրով տարեկան 10էն աւելի գիրք կը թարգմանուի օտար լեզուներու եւ հակառակը:
«Նեքսթ փէյճ» հիմնադրամը ուսումնասիրութիւն կատարելէ բացի պիտի փորձէ օգնել մշակոյթի նախարարութեան՝ լուծելու թարգմանութեան ու հայկական գրականութիւնը Եւրոպայի մէջ օտար լեզուով հրատարակելու խնդիրները: Այս առիթով անոնք արդէն համախմբած են հայ ու օտար մասնագէտներ՝ լուծումներ մշակելու եւ առաջարկներ ներկայացնելու համար:
Եանա Գենովան նշած է, որ կարիք կայ պետական դրամաշնորհներու, որոնք պիտի տրամադրուին հրատարակչութիւններուն, որպէսզի վերջիններս թարգմանեն ու տպեն հայ գրականութիւն:
«Հայաստանը պէտք է կապ պահէ հայերէնէն այլ լեզուներու թարգմանող օտարներու հետ: Այդ թարգմանիչները իսկական գանձ են Հայաստանի համար, անոնք ոչ միայն կը թարգմանեն, այլեւ կ՛երթան մէկ հրատարակչութենէն միւսը ու ի վերջոյ կը գտնեն հրատարակիչը», նշած է Եանա Գենովան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.