Ժառանգութիւն կուսակցութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաստատած է վերջերս լրատուամիջոցներուն կողմէ շրջան ընող այն լուրերը, որոնց համաձայն, 12 Նոյեմբերին կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ կայացած է նախապէս որոշուած եւ պաշտօնական համաձայնութիւն ունեցող հանդիպում՝ «Ժառանգութեան» եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատուիրակներուն միջեւ:
«Ժառանգութեան» կողմէ հանդիպումին մասնակցած են կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեանը եւ վարչութեան անդամ, մամլոյ խօսնակ Յովսէփ Խուրշուդեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.