ԳԱՀԻՐԷ.- Ուրբաթ, Նոյեմբեր 9ին Հելիոպոլսոյ ՀՄԸՄ «Նուպար» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Այլընտրանքային բժշկութեան մասին դասախօսութիւն մը:
Բժշկուհի Հերմինէ Վարժապետեան խօսեցաւ որոշ բոյսերու մասին եւ ընդհանուր առմամբ ներկայացուց այլընտրանքային բժշկութեան առաձնայատկութիւնները:
«Դասախօսութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է ներկաներուն մօտ այն աստիճան, որ դասախօսութիւն մը եւս կը պահանջեն հակառակ անոր, որ դասախօսութիւնը գրեթէ 2 ժամ տեւած է, ներկաները շատ հարցումներ ունէին», կ՛ըսէ ակումբի տիկնանց յանձնախումբի անդամ Նայիրի Սիմոնեան աւելցնելով, որ յառաջիկային կը ծրագրեն եւս մէկ դասախօսութիւն կազմակերպել՝ երեխաներու պատուաստման մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.