ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Եթէ կ՛աշխատի, պէտք չէ դպչիլ, այն յոյսով, որ պիտի շարունակէ աշխատիլ՝ առնուազն նոյն արդիւնաւէտութեամբ, նոյն արդիւնքով:
Չեմ գիտեր եթէ ժողովրդական իմաստութեան պահեստներէն է այս մօտեցումը, բայց մեր արագ փոփոխուող ժամանակաշրջանին, հաւանաբար, այդ մօտեցումն ալ պէտք է քննական արժեւորման ենթարկուի:
Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը աշխատող կառոյց է եւ քսան տարի շարունակ ապացուցած է, թէ տարեկան իր ծրագիրներուն համար կարողութիւն ունի շօշափելի գումարներ հանգանակելու: Այս տարի ալ Հիմնադրամը ապացուցեց նոյնը, եւ Մոսկուայի հայ բարերար-գործարար շրջանակի նուիրատուութիւններով, համաեւրոպական հեռախօսային հանգանակային արշաւով եւ Լոս Անճելըսէն սփռուող ամբողջօրեայ աւանդական յայտագիրով հաւաքուեցաւ շուրջ 21 ու կէս միլիոն տոլար:
Հիմնադրամի պատասխանատուները, ինչպէս եւ բոլորս, չենք կրնար գոհ ըլլալ այս արդիւնքէն: Եթէ գոհ ենք, ապա ուրեմն մեր ազգային կարիքներու իրական տարողութենէն անտեղեակ կամ անոնց հանդէպ անտարբեր ենք: Այսուհանդերձ, կրնանք հասկացողութեամբ վերաբերիլ, ինչպէս վերաբերած ենք անցեալին եւս, Հիմնադրամի պատասխանատուներու դրական գնահատումներուն նկատմամբ՝ ստացուած արդիւնքներուն կապակցութեամբ: Անոնք, հաւանաբար, պարտին որոշ քարոզչական տրամաբանութեամբ շարժիլ, պէտք է քաջալերեն նուիրատուները, պէտք է խանդավառեն ազգը եւ՝ «վերեւներ»ուն բարեացակամութիւնը ապահովեն:
«Ասպարէզ»ի աշխատակից, յայտնի հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան, իր «Օրուան մտածումներ»ու նախավերջին սիւնակով՝ «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ. Եկած Չէ՞ Վերարժեւորման ժամանակը» վերնագիրով (Նոյեմբեր 14, 2012), դիպուկ կերպով անդրադարձած էր այս հարցին: (Տես http://asbarez.com/arm/146448/ կայքէջը):
Հանգանակային արշաւի աւարտին, մէկ այլ յայտնի հրապարակագիր՝ Յարութ Սասունեան, «Ազատութին» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին (տես http://www.armenialiberty.org/content/article/24781226.html կայքէջը) արտայայտուած է Հիմնադրամի «ներքին- կազմակերպչական եւ ուղղութեան վերաբերող» հարցերուն մասին:
Շնորհաւորելով Հիմնադրամի քսաներորդ տարեդարձը՝ կը միանանք այս ազգային կարեւորագոյն կառոյցի գործելակերպին գնահատումը քննականօրէն կատարելու ձայներուն: Նոյնօրինակ գործելաձեւը, նախապատուութիւններու հրատապութիւնը բացատրելու միօրինակութիւնը, տագնապներու իսկական տարողութիւնը ահազանգելու քարոզչական մարտավարութիւնը պէտք է վերարժեւորել եւ մեր համազգային կարիքներուն համապատասխան միջոցներ ապահովելու ճանապարհներ որոնել: Այս գործին ժամանակը եկած է եւ պէտք է լծուինք անոր՝ ամէնէն դրական լիցքերով: