
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ հալէպահայ բեմադրիչ Աւօ Գաբրիէլեան ազատ արձակուած է։
Անոր համաձայն, քանի մը օր առաջ Գամիշլիէն Հալէպ տանող ճամբուն վրայ առեւանգուած Արմէն Ճուքճուքեանի ազատ արձակման համար պահանջուած փրկագինը արդէն տարուած է ճշդուած վայր ու կը սպասուի, որ ան ազատ արձակուի։
Հալէպի ընդհանուր իրավիճակին գծով Ռէյիսեան նշած է, որ լարուած իրավիճակը կը շարունակուի, մերթ ընդ մերթ պայթիւններու եւ կրակոցներու ձայներ կը լսուին, բայց եւ այնպէս կեդրոնական թաղամասերուն մէջ կացութիւնը աւելի հանդարտ է:
Ռէյիսեան նաեւ աւելցուցած է, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ յոյս ներշնչող որեւէ դրական փոփոխութիւն չկայ տակաւին, մարդիկ անապահով վիճակի մէջ են: «Անկայուն խաղաղութիւնը մարդոց վստահութիւն չի ներշնչեր», դիտել տուած է ան:
«Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան մարմին» կազմակերպութեան անդամներէն Րաֆֆի Աւետիսեանը միջինարեւելեան հայկական «Ազատ հայ» ծրագիրին տեղեկացուցած է, որ, առկայ տուեալներուն համաձայն, Սուրիոյ մէջ շուրջ 20 ամիսէ ի վեր շարունակուող բախումներուն իբրեւ հետեւանք զոհուած է 40 եւ վիրաւորուած 66 հայ: Նաեւ կան 7 առեւանգուած հայեր եւ երկու անյայտ կորսուած զինուորներ: Շուրջ 200 բնակարաններ վնասուած են: