
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան «Ինթերֆաքս» լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին խօսած է կազի սակերու, նոր աթոմակայանի եւ Իրանի դէմ պատժամիջոցներուն մասին։ Ըստ անոր, կազի սակի վերանայման հարցին մէջ պէտք է սպասել բանակցութիւններուն արդիւնքին եւ հասարակութեան ժխտական կամ դրական տպաւորութիւններ չտալ։
Անդրադառնալով շրջան ընող այն լուրերուն, որ Ռուսիա կը նախատեսէ 1000 խորանարդ մեթրի համար սահմանել 330 տոլար սակ, վարչապետը նշած է, որ «բանակցութիւնների ընթացքում կոռեկտ չէ հասարակութեան դատին ներկայացնել համատեքստից կտրուած կամ այլ առաջարկութիւններ»:
Տիգրան Սարգսեան նշած է, որ կազի հարցին գծով հիմնական սկզբունքներու շուրջ համաձայնութիւններ գոյացած են, բայց տակաւին կան թեքնիք մանրամասնութիւններ։
Կառավարութեան ղեկավարին համաձայն, մինչեւ տարեվերջ բանակցութիւնները պիտի աւարտին։
Խօսելով նոր ջրելեկտրակայանի կառուցման մասին՝ ան ըսած է. «Ծրագրի համաձայն, ատոմակայանի նոր էներգաբլոկի շինարարութեան աշխատանքները պէտք է սկսուէին 2014 թուականին, սակայն Ճապոնիայում՝ Ֆուկուսիմայի ԱԷԿի աղէտից յետոյ լրացուցիչ ժամանակ են խլում նախ՝ գործող ատոմակայանում միջազգային լրացուցիչ ստուգումները, ապա եւ նոր էներգաբլոկի համար անվտանգութեան պահանջները խստացնելը»:
Նախնական համաձայնութեամբ, նոր աթոմակայանի շինարարութիւնը պէտք է հաւասարապէս՝ 50- 50 յարաբերակցութեամբ ֆինանսաւորուէր Հայաստանի եւ Ռուսիոյ կողմէ, սակայն չէ բացառուած հայկական կողմի մասնակցութեան որոշակի փոփոխութիւն՝ մասնաւոր նեդրողներ ներգրաւելու համար:
«Հետաքրքրութիւն են ցուցաբերում ներդրողներ Ամերիկայից, Ճապոնիայից, Մերձաւոր Արեւելքից: Նրանց հետ պէտք է մշակել պայմանները», նշած է Տիգրան Սարգսեան՝ ի պատասխան այն հարցումին, թէ ի՞նչ նեդրողներու մասին է խօսքը: Սակայն ներդրողներուն հետ առայժմ բանակցութիւններ չկան եւ միջնորդները մանրամասնութիւններ չեն ճշդած։
Վարչապետը չէ բացառած որպէս այլընտրանքային տարբերակ Ռուսիայէն պետական վարկ խնդրելը կամ վարկ ստանալը Եւրասիական հակաճգնաժամային հիմնադրամէն: Հիմնական ներդրող կրնայ ըլլալ նաեւ «Ռոսատոմը»:
«Ակնյայտ է, որ Իրանի դէմ միջազգային պատժամիջոցները շատ ուժեղ են ազդում մեր տնտեսութեան վրայ, քանի որ մենք դէպի միջազգային շուկայ ունենք երկու ճանապարհ՝ Վրաստանի միջոցով եւ Իրանի միջոցով: Միջազգային պատժամիջոցները գործնականում զրոյանում են Իրանի հետ աշխատելու մեր հնարաւորութիւնը, այդ թւում՝ նաեւ տարանցիկ բեռնափոխադրումների համար: Սա շատ լուրջ խնդիր է Հայաստանի համար», յայտնած է վարչապետ Տիգրան Սարգսեան՝ այս ձեւով բացատրելով Իրանի հետ եւ Իրանի միջոցով առեւտրափոխադրումներու ցած մակարդակը:
Ըստ վարչապետին, Իրանի եւ Հայաստանի տնտեսվարողներուն միջեւ կապերու առնչուող խնդիրներ կան նաեւ տարադրամի գործարքներու դէմ ուղղուած պատժամիջոցներուն պատճառով:
«Այս ամէնը շատ բացասաբար է ազդում մեր տնտեսութեան վրայ», նշած է Տիգրան Սարգսեանը: