ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Ընտանեկան բռնութեան մասին» օրէնքի նախագիծի հիմքը մնացած է նոյնը, բայց փոխուած են բազմաթիւ մանրամասնութիւններ: Այս մասին 26 Նոյեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է «Կանանց իրաւունքների կենտրոն»ի տնօրէն Սուսաննա Վարդանեանը:
«Քանի որ Հայաստանում հասարակական կազմակերպութիւնները չեն կարող հանդէս գալ օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ, «Ընտանեկան բռնութեան մասին» օրինագիծը տրուել է Աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերի նախարարութեանը, որի միջոցով՝ նաեւ կառավարութեանը», նշած է Վարդանեանը: Անոր համաձայն, նախագիծին պատրաստութեան աշխատանքը տեւած է 2 տարի: Նկատի առնուած է միջազգային փորձառութիւնը, Հայաստանի պայմաններէն մեկնելով՝ օրէնքի յարմարեցման կարելիութիւնները: Օրինագիծը քննարկուած է այդ բնագաւառի տարբեր մասնագէտներուն հետ, որոնց կարգին՝ Մարդու իրաւունքներու վարշաւեան հիմնարկին կողմէ:
«Հայաստանի վարչապետի յանձնարարութեամբ ստեղծուել է միջգերատեսչական յանձնաժողով, որը պէտք է զբաղուի գենդերային խնդիրներով: Օրինագիծը քննարկուել է նաեւ Եւրոպայի խորհրդում: Վերջնական տեսքով օրինագիծը վարչապետի սեղանին կը լինի այս տարուայ Դեկտեմբերի 10ին», նշած է կեդրոնի տնօրէնը:
Անդրադառնալով հայաստանեան ընտանիքներուն մէջ բռնութեան վերաբերեալ վիճակագրութեան՝ Սուսաննա Վարդանեանը ներկայացուցած է անկախ ընկերաբանական կեդրոնի 2007 թուականի տուեալները, որոնց համաձայն, Հայաստանի մէջ կիներուն 39 տոկոսը բռնութեան կ՛ենթարկուի իր ընտանիքին մէջ, 12 տոկոսը՝ ծանր ֆիզիքական բռնութեան, 5 տոկոսը՝ սեռային, իսկ մնացեալը՝ հոգեբանական։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.