
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոմիութիւնը Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 27ին վերահաստատած է իր դիրքորոշումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը խաղաղ միջոցներով կարգաւորելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ:
Ըստ ատրպէյճանական «1news.az» կայքին՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մահմուտ Մահմետկուլիեւի հետ հանդիպման ընթացքին, Եւրոմիութեան ընդարձակման եւ եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով յատուկ յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ յայտարարած է Եւրոմիութեան տեսակէտը ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման հարցին գծով:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը կարծիքներ փոխանակած են ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ՝ ընդգծելով, որ հիմնախնդիրը վերածուած է երկարաժամկէտ հակամարտութեան մը: Ֆիւլէ յայտարարած է նաեւ, որ Եւրոմիութիւնը կ՛աջակցի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի գործունէութեան, ապահովելու համար Մատրիտեան սկզբունքներու իրականացումը, որ տագնապին խաղաղ լուծման հիմը պիտի դառնայ: