ՍԱՆԹԱ ՔԼԱՐԱ, Քալիֆորնիա.- Նոյեմբեր 7էն 18ի միջեւ, Սլովենիոյ Մարիպոր քաղաքին մէջ կայացած պատանիներու ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին, Միացեալ Նահանգները ներկայացնող հայազգի Սամուէլ Սեւեան ոսկի մետալը խլած է 12էն վար տարիքային դասակարգին մէջ:
Յատկանշական է, որ ան ոսկի մետալը ստացած է իրեն ազգակից եւ ճատրակի աշխարհի 13րդ ախոյեան Կերի Գասպարովէն, որուն հաստատած ճատրակի դպրոցներէն մէկուն աշակերտներէն եղած է Սեւեանը:
Յիշեցնենք, թէ 2010ին Սեւեան հանդիսացած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ ճատրակի վարպետի կոչում ստացած ամենափոքր խաղացողը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.